2016-11-20 11:51:00

Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհակալութեան խօսքը Ողորմութեան Տարուայ փակման առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 20 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան` Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ գլխաւորած սուրբ պատարագի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը շնորհակալութեան խօսք  ուղղեց ներկաներուն, նախ եւ առաջ Աստուծոյ բարձրացնելով Փառք ու Գոհութիւն` Ողորմութեան Սուրբ տարուայ շնորհքին համար պարգեւուած Եկեղեցւոյ ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց։

Սրբազան Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ նախագահ Սերճօ Մաթթարելլային որ ներկայ էր արարողութեան, Ինչպէս նաեւ Իտալիոյ Կառավարութեան ու բոլոր այն պետական ու քաղաքացիական կառոյցներուն, որոնք համագործակցեցան Յոբելենական տարւոյն կազմակերպական աշխատանքը իրականացնելու համար, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Նոր Աւետարանութեան զարգացման քահանայապետական խորհուրդին` որուն յանձնուած էր սուրբ տարուան կազմակերպութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  յիշեց նաեւ բոլոր անոնք որոնք հոգեւոր գետնի վրայ սատարեցին սուրբ տարուայ յաջողութեան` տարեցներն ու հիւանդները որոնք շարունակաբար աղօթեցին ու իրենց ցաւերը նուիրեցին Յոբելեանին եւ ասոնց շարքին նաեւ փակեալ կրօնաւորուհիները` որոնց նուիրուած օրը կը նշուի վաղը։ .

Սրբազան Քահանայապետը ապա վերյիշեց շաբաթ` 19 նոյեմբերին, Ֆրանսայի Աւինիոն քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Հայր Մարիա Էուճենիօ Տէլ Պամպին Ճեզուն, ապա խօսքը ուղղեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի 70 հազարէ աւելի ուխտաւորներուն ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց մասնակցութեան համար։

''Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ, մեր սրտերուն մէջ պահպանելու ու պտղաբեր դարձնելու Ողորմութեան Յոբելեանի հոգեւոր պարգեւները'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խօսքը ու արտասանեց Մարեմեան աղօթքը








All the contents on this site are copyrighted ©.