2016-11-20 10:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ փակեց Սուրբ Պետրոսի Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ Յոբելենական Սուրբ Դուռը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 20 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ  գլխաւորած` ողորմութեան արտակարգ Սուրբ տարուայ յոբելեանի եզրափակիչ  Սուրբ Պատարագէն անմիջապէս առաջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ փակումը կատարեց Սուրբ Պետրոսի Յոբելենական Սուրբ Դրան վերջ տալով 2015-ի դեկտեմբեր 8-ին, սկիզբ առած Ողորմութեան Յոբելեանին որ մէկ տարուայ ընթացքին յատկանշեց Եկեղեցւոյ ու հաւատացեալներու կեանքը ու անոնց առօրեայի գործունէութիւնը։

Մինչ Ֆրանչիսկոս Պապ  սուրբ դրան փակումը կը կատարէր սարկաւագը աղօթք մը արտասանեց որուն մէջ ըսաւ. Սուրբ Դրան ծիսական փակումը կատարուեցաւ սակայն մեզի համար բաց կը մնայ  շնորհքի ու ողորմութեան անսպառ աղբիւրը որ կը բխի մեր Տիրոջ Յիսուսի Սուրբ Զատկուայ խորհուրդէն որ մշտապէս կը նորոգուի խորհուրդներու մատակարարումի մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.