2016-11-19 09:54:00

''Հանրապետութեան նախագահին ընտրութեամբ անկախութիւնը վերստացաւ իր արժէքը'' Ռայի պատրիարք:


Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Նախքան հանրապետութեան նախագահին հետ հանդիպումը, Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ իր այցելութիւնը նախագահ Աունի Պքերքէ կատարած այցելութեան փոխադարձելու նպատակով է, ինչպէս նաեւ դարձեալ շնորհաւորութիւններ փոխանցելու համար անոր ընտրութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթելու անոր` երկրին իշխանութիւնը ղեկավարելու առումով:

Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց նաեւ Լիբանանի Անկախութեան տօնը` յայտնելով, որ այս տարի Անկախութեան տօնը տարբեր է` հանրապետութեան նախագահին գոյութեամբ:

Ռայի պատրիարքը նշեց, որ ինք հովուապետական այցելութեամբ պիտի մեկնի Հռոմ, Մարսէյ եւ Լիոն:

Ռայի պատրիարքը ողջունեց նաեւ նախագահական պալատի լրագրողները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` ճշմարտութեան ծառայելու իրենց աշխատանքին համար, մաղթելով, որ տարակարծութեան ակնարկող բառամթերքէն հեռու մնան:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ, որ հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց եւ անոր հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց եօթը դիւանագէտներու հաւատարմագիրները. վերջիններս արդէն կը պաշտօնավարէին իբրեւ դեսպանատան գործավար կամ իրենց ստանձնած պաշտօններու տեղակալի առժամեայ հանգամանքով:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Աուն ընդունեց Քանատայի դեսպան Միշել Քամերոնի, Իրաքի դեսպան Ալի Ապպաս Պանտար Ամիրիի, Կիպրոսի դեսպան Քրիսթինա Ռաֆթիի, Փաքիստանի դեսպան Աֆթապ Ահմատ Խոխերի, Ազրպէյճանի դեսպան Աղա Սելիմ Շաքիրովի, Աւստրիոյ դեսպան Մարիան Վըրպայի եւ Չեխիոյ դեսպան Միքայելլա Ֆրոնքավայի հաւատարմագիրները:

Հաւատարմագիրներու յանձնումի արարողութեան ներկայ գտնուեցան ընթացաւարտ կառավարութեան արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնակատարներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.