2016-11-19 09:42:00

ԼՂ բնակչութեան մէջ աճած է անկախութեան կողմնակիցներուն թիւը:


Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան մէջ աճած է անկախութեան կողմնակիցներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կազմին միանալ ցանկացողներուն թիւը. 2016 թուականին անոնց թիւը կազմած է 95,1%` 2015-ին 91,7%-ի համեմատ:

Այս մասին կը վկայեն «Այ Փի Էս Սի» Քաղաքական եւ ընկերաբանական խորհրդատուութիւններու հիմնարկին (IPSC) կողմէ ԼՂՀ ԱԳՆ պատուերով իրականացուած  հարցախոյզի արդիւնքները, կը հաղորդէ “Մեդիամասք”-ի:

Հետազօտութիւնը իրականացուած է 2016-ի Յուլիսին (ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն կարճ ժամանակ անց)` 1081 ընտրանքով, մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ ԼՂՀ 7 շրջաններու մէջ:

Անկախութեան համախոհները մեծ թիւ կը կազմեն ԼՂ բնակչութեան երիտասարդ եւ կրթուած զանգուածին մէջ: Վերջիններս մեծապէս կ՛աջակցին անկախութեան (18- 30 տարեկաններուն 61,2%-ը անկախութեան կողմնակից է, բարձրագոյն կրթութիւն ստացածներուն 53,6%-ը անկախութեան կողմնակից է):

Պաշտպանութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ կառավարութեան գործունէութեան հանդէպ հանրային դժգոհութիւնը աճած է աւելի քան 2 նիշով, միաժամանակ, բնակչութեան 78,6%-ը կը կարծէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը ճիշդ ուղիի վրայ է:

Խաղաղութեան եւ պատերազմի հիմնահարցը կը շարունակէ մնալ բնակչութեան մտահոգութեան առաջնային խնդիրը հարցուածներուն կէսէն աւելիին համար:

Գործազրկութեան եւ ԼՂՀ միջազգային ճանաչման խնդիրները համապատասխանաբար երկրորդ եւ երրորդ տեղերու վրայ են: Բնակչութեան մէջ արտագաղթի միտումները շատ ցած տոկոս կը կազմեն:

«Հետաքրքական է, որ արտագաղթի միտումների տոկոսային յարաբերակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան շրջանում ամենացածրն է Հարաւային Կովկասի երկրների հետ համեմատութեամբ: Փաստօրէն, Ղարաբաղի բնակչութիւնը, չնայած ապրիլեան լայնամասշտաբ գործողութիւններին, մտադիր է մնալ երկրում եւ պայքարել անկախութեան համար` ի տարբերութիւն Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի բնակչութեան, որտեղ նկատւում են արտագաղթի միտումների բարձր տոկոսայնութիւն»,- ըսած է «Այ Փի Էս Սի» քաղաքական եւ ընկերաբանական խորհրդատուութիւններու հիմնարկի տնօրէն Յովհաննէս Գրիգորեանը Պրիւքսելի մէջ` ներկայացնելով հարցախոյզին արդիւնքները:

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Ֆրանք Էնկելը ըսած է, որ քառօրեայ պատերազմը փոխեց իրադրութիւնը, սակայն ատիկա հիմնաւոր փոփոխութիւն չէր:

«Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը շատ հասուն մօտեցում կը ցուցաբերէ իր դիրքորոշման մէջ, յատկապէս Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման առումով: Թէեւ ժողովուրդը աւելի շատ սկսած է քննադատել իշխանութիւնները, այդուհանդերձ, ուժեղ օրինապահութիւն կը դրսեւորէ սեփական երկրի հանդէպ, իսկ իրավիճակի յետագայ հնարաւոր սրումները աւելի պիտի ուժեղացնեն այդ միտումները»,- ըսած է Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորը։








All the contents on this site are copyrighted ©.