2016-11-18 10:31:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ''Տէրը թող մեզի պարգեւէ քրիստոնէական աղքատութեան քաջութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մարդիկը չեն ներեր քահանայի մը որ դրամասէր է. Թող Տէրը մեզի պարգեւէ քրիստոնէական աղքատութեան շնորհքը''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ուրբաթ` 18 նոյեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, ի ներկայութեան Առաքելական նուիրակներու քարտուղարներուն` որոնք Վատիկան ժամանած են իրենց Յոբելենական տարին նշելու համար, քահանայապետական ներկայացուցչութիւններու այլ համագործակիցներու հետ միասին։

Մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը պատմուի թէ ինչպէս Յիսուս տաճարէն արտաքսեց այնտեղ առուտուր ընողները,  որոնք աղօթքի վայրը վերածած էին ''գողերու բոյնի'' Սրբազան Հայրը ըսաւ '' Տէրը այս ընելով ուզեց ցոյց տալ թէ ո՞րն է հակաքրիստոնէական սերմը, թշնամիին սերմը, սերմը զոր Արքայութիւնը կը կործանէ` դրամասիրութիւնը''։

''Սիրտը որ դրամին կապուած է կռապաշտ սիրտ է'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով Յիսուսի խօսքերը ''կարելի չէ ծառայել երկու Տէրերու` դրամին ու Աստուծոյ''։

Աստուծոյ տունը աղօթքի տուն է, յարեց ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ Տիրոջ հետ հանդիպումը սիրոյ Աստուծոյ հետ հանդիպում մըն է։ Եւ դրամ աստուածը որ մուտք կը գործէ Աստուծոյ տան մէջ, կարող է մեր կեանքը փճացնել ու մեզ ապերջանիկ դարձնել, ու մեզմէ խլել Տիրոջ ծառայելու ուրախութիւնը։ 

Աստուծոյ ժողովուրդը կարողութիւնը ունի հասկնալու ու տեսնելու եթէ մենք կապուած ենք դրամին, ան կարողութիւն ունի  նաեւ դատապարտելու, կարող է ապա ներել քահանաներու շատ մը դերութիւնները, սակայն ոչ դրամասիրութիւնը ու քահանային հաւատացեալներու նկատմամբ սխալ վերաբերմունքը։

''Որքան տխուր տեսարան մըն է` քահանայ մը որ հասած է իր կեանքի վախճանին ու անոր շուրջ  համախմբուած թոռնիկները,  ''անգղներու'' նման ժառանգութիւն կ՛ակնկալեն'' յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց ներկաները խղճի քննութիւն կատարելու, իսկական խղճի քննութիւն մը­,  ապա խրախուսեց զանոնք քաջութիւն ունենալ ընտրանք կատարելու ու խուսափելու դրամասիրութենէն, հուսկ քարոզը եզրափակեց հայցելով Աստուծոյ շնորհքը` որպէսզի մեզի պարգեւէ քրիստոնէական աղքատութիւնը. '' Թող Տէրը մեզի պարգեւէ  բանուորներու աղքատութիւնը, անոնց որոնք կ՛աշխատին ու կը շահին արդարը` առանց աւելին փնտռելու'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.