2016-11-18 09:47:00

Քրտամէտ կուսակցութեան ղեկավարներու ձերբակալութիւնը կը շարունակուի


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Նոյեմբեր 17ի առաւօտեան, թուրք ոստիկաններ ձերբակալած են Վանի քաղաքապետ Պեքիր Քայեան ու քաղաքապետարանի չորս այլ պաշտօնատարներ՝ շարունակելով քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավարութեան դէմ սկսած արշաւը։

Ըստ «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքին՝ ձերբակալութիւններէն ետք, քրտամէտ կուսակցութեան անդամներն ու համակիրները հաւաքուած են քաղաքապետարանին դիմաց իրենց բողոքը արտայայտելու, սակայն ոստիկանութիւնը ուժի դիմելով՝ խոչընդոտած է հաւաքը:

Մէկ օր առաջ ձերբակալուած էր նաեւ Տերսիմի (Թունճելի) համաքաղաքապետ Մեհմետ Ալի Պուլը եւ քրտամէտ կուսակցութեան շարք մը ղեկավարներ:

Ձերբակալուածները նաեւ հեռացուած են իրենց պաշտօններէն եւ անոնց մէկ մասին փոխարէն արդէն իսկ նշանակուած են պետական կառավարիչներ:

Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 25ին ձերբակալուած էին Տիգրանակերտի երկու համաքաղաքապետներ Կիւլթան Քըշանաքն ու Ֆըրաթ Անլըն, որոնք նմանապէս քրտամէտ կուսակցութեան անդամ են: Նոյեմբեր 4ին, ձերբակալուեցան քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահները՝ Սալահետտին Տեմիրթաշն ու Ֆիկեն Եուքսեքտաղը, ինչպէս նաեւ՝ կուսակցութեան 9 այլ երեսփոխաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.