2016-11-18 09:11:00

''Յոբելեանը՞, ծրագիր մը չէր, պարզապէս Սուրբ Հոգիէն ներշնչուեցայ''. Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յոբելեանը՞։ Ծրագիր մը չէր, պարզապէս Սուրբ Հոգիէն ներշնչուեցայ'' այսպէս պատասխանեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իտալացի Եպիսկոպոսներու պատկան ''Avvenire'' օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Ողորմութեան արտակարգ սուրբ տարուայ եզրափակման նախօրեակին։

''Եկեղեցին Աւետարանն է ու գաղափարներու ուղեւորութիւն մը չէ'' ըսաւ Նորին Սրբութիւն ու շարունակեց ''Ես կը սիրեմ խորհիլ թէ Ամենակալը տկար յիշողութիւն ունի։ Անգամ մը որ քեզ կը ներէ, կը մոռնայ։ որովհետեւ Ան կ՛ուրախանայ քեզ ներելով։ Այս մէկը ինծի համար բաւարար է։ Ներումը փորձարկելը կը նշանակէ տեղափոխել քրիստոնէական հայեցակարգը իրաւական գետնէն դէպի Աստուծոյ Անձը` որ դարձաւ ողորմութիւն''։

''Ոմանք կը շարունակեն տեսնել միայն սեւ ու ճերմակ մինչ կեանքի հոսքի ընթացքին հարկաւոր է զատորոշել'' դիտել տուաւ հուսկ սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ ''որոշ  ''խստութիւն'' կը ծագի անձնական դժգոհութիւնը թաքցնելու համար''։

Աղքատներուն ծառայելը` ծառայել է Քրիստոսին շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու անդրադառնալով Շուէտի կատարած վերջին ճամբորդութեան ու Լուտերական վերանորոգումի 500-րդ տարեդարձի մասին,հաստատեց թէ համամիութենական հանդիպումները պտուղն են Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովի գործընթացքին, ու թէ միութիւնը կը կազմուի երեք ճանապարհներով. միասին քալել եղբայր օգնութեան գործին մէջ, միասին աղօթել ու ապա ճանչնալ միասնական դաւանանքը` այնպէս ինչպէս կ՛արտայայտուի մարտիրոսութեան մէջ, որ է արեան համամիութիւնը։

Քահանայապետը ապա  դատապարտեց քրիստոնեաներու միջեւ հոգեորսորդութիւնը որպէս մեղք` ապա ակնարկեց Լուտերի այն գաղափարին թէ ''կը մերժէ եկեղեցւոյ այն պատկերը որ կը ներկայացուցի որպէս կազմակերպութիւն մը` որ կարող է յառաջ ընթանալ մինակ, առանց Տիրոջ Շնորհքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.