2016-11-17 10:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Կէուարկիս Պատրիարքին հետ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի` 17 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատին մէջ ընդունեց Արեւելեան Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս - Պատրիարք` Մար Կէուարկիս Գ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։

Եղբայրական այս հանդիպումը սկիզբ առաւ երկու եկեղեցապետերու միջեւ կայացած առանձնական զրոյցով, որուն յաջորդեց պատուիրակութեան ներկայացում հուսկ պաշտօնական ճառերն ու նուէրներու փոխանակումը։

Հանդիպումը աւարտեցաւ Առաքելական պալատի Ռետեմբթորիս Մաթեր մատրան մէջ աղօթքի պահով մը։

Հանդիպման ընթացքին ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով ներկաները իր ուրախութիւնը յայտնեց զանոնք ընդունելու Սուրբ Պետրոսի դամբանին մօտ, ու անոնց միջոցաւ իր ողջոյնը փոխանցեց Ասորի ուղղափառ Եկեղեցւոյ կղերական դասին ու հաւատացնելներուն` կրկնելով Սուրբ Պօղոսի խօսքերը ''Ձեզի շնորհք եւ խաղաղութիւն Աստուծոյ` մեր հօր եւ մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսի կողմէ (Հռոմ 1,7)'' ։

''Այս աղօթքի հանդիպումը որ այսօր միասնաբար պիտի բարձրացնենք Տիրոջ կը հայցէ արդարեւ խաղաղութեան պարգեւը'' ըսաւ ապա Քահանայապետը ակնարկելով Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գոյատեւող դաժան իրավիճակին ուր հազարաւոր անմեղ մանուկներ կիներ ու այր մարդիկ` թիրախ են արիւնալի հակամարտութիւններու ու ահեղ բռնութիւններու, զոր ոչ մէկ դրդապատճառ կարող է արդարացնել ու թոյլատրել։

Այս անվերջ տառապանքի մէջ որուն աւարտը կը հայցեմ, մենք ականատես ենք քրիստոնեաներու` որոնք կը քալեն խաչի ճանապարհէն հեզութեամբ հետեւելով Յիսուսի հետքերուն, յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այդ մեր եղբայրներն ու քոյրերը օրինակներ են, որոնք մեզ կը խրախուսեն ամէն պարագայի մնալու Տիրոջ հետ ու ողջագուրելու Անոր խաչը վստահելով Անոր սիրոյն։ Անոնք, մեցի ցոյց կու տան թէ մեր հաւատքի կեդրոնը կը գտնուի միշտ Յիսուս ու մեզ կը հրաւիրէ բոլոր դժբախտութիւններու հանդերձ չի յոգնիլ եւ ապրիլ Անոր սիրոյ, հաշտութեան ու ներումի պատգամը։

''Մենք երախտապարտ ենք մեր այս եղբայրներուն եւ այնպէս ինչպէս Քրիստոսի արիւնը որ հեղուց սիրոյ համար հաշտեցուց եւ միացուց` աճեցնելով եկեղեցին, մարտիրոսներու արիւնը եւս կը դառնայ Քրիստոնեաներու միութեան սերմը'' հաստատեց Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ եղբայրական սերտ կապերուն որոնք գոյութիւն ունին երկու եկեղեցիներու միջեւ։

Սրբազան Քահանայապետը  այս առընչութեամբ նշեց երջանկայիշատակ Մար Տինքա Դ կաթողիկոս պատրիարքին որդեգրած համամիութենական քայլերը ու յատկապէս անոր` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ պապին հետ միասին ստորագրած ''քրիստոսաբանական միասնական հռչակագիրը'' որ հանդիսացաւ պատմական քայլ մը, որով  սկիզբ առաւ դէպի լիակատար հաղորդութեան ուխտագնացութիւնը։

Այս առընչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յոյս յայտնեց շարունակել այդ ուղեւորութիւնը մինչեւ վերջնական ու իսկական եկեղեցական հաղորդութեան միութիւն թելադրելով մինչ այդ յառաջ ընթանալ միասնաբար` վկայելով Աւետարանը, եղբայրօգնութեան ճանապարհով  ու հիմնուելով պատմութեան վրայ որ իր արմատները կը գտնէ սկզբնական եկեղեցւոյ օրրանին մէջ, որտեղէն սկիզբ առաւ Աւետարանի տարածումը  որ հասաւ մինչեւ Հռոմ եւ միջագետք` լուսաւորելով Քրիստոնեայ հասարակութիւնները։

Այդ ժամանակուայ մեծագոյն աւետարանիչները ու բոլոր ժամանակներու սուրբերն ու մարտիրոսները մեզ կը խրախուսեն ու մեզի կ՛ընկերանան միասնաբար բանալու հաղորդութեան եւ վկայութեան պտղաբեր ճանապարհներ – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց  Կէուարկիս Կաթողիկոս-Պատրիարքին ու յատկապէս միասնաբար աղօթելու պարգեւին համար, միասնաբար հայցելու որ Տիրոջ ողորմած կամքը մեզմէ ընդունելի ըլլայ ու եղբայրաբար վկայուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.