2016-11-16 11:11:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը մանուկներու իրաւունքի համաշխարհային օրուան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 16 նոյեմբերին, առաւօտեան,  Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց,  յառաջիկայ կիրակի 20 նոյեմբեր, 2016-ին նշուելիք,  մանուկներուն իրաւանց համաշխարհային օրուան առիթով։ Կոչին մէջ Սրբազան Հայը ըսաւ.

՝՝Կոչ կ՝ուղղեմ բոլորին խղճին, հաստատութիւններուն եւ ընտանիքներուն, որպէսզի մանուկները միշտ պաշտպանուին եւ իրենց բարեկեցութիւնը պահպանուի,  որպէսզի անոնք երբեք չ՝ենթարկուին ստրկութեան որեւէ ձեւի,  ու թիրախ չի դառնան զինուած խմբաւորումներու  ու  չարաշահումներուն՝՝։ Սրբազան Հայրը ապա մաղթանք յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պահապան կանգնի մանուկներուն։

՝՝Կը մաղթեմ, որ միջազգային ընտանիքը կարենայ հսկել մանուկներուն կեանքին վրայ, երաշխաւորելով իւրաքանչիւր մանուկի դպրոց յաճախելու  եւ դաստիարակութեան իրաւունքը, որպէսզի անոնք  միշտ  աճին խաղաղութեան մէջ եւ  յոյսով նային ապագային։ Սրբազան Հայրը ապա ողջունելով  Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող իտալացի ուխտաւորները, ողջունեց ՝՝աշխատանքի վարպետներու դաշնակցութիւնը՝ որ կը  նշէ իրենց հիմնարկութեան 60 ամեակը,  մաղթելով անոնց, որ սոյն տօնակատարութիւնը նպաստէ մասնաւորապէս, ժողովուրդի ամէնէն տկարներուն ներգրաւման՝  ընկերային եւ տնտեսական կեանքին մէջ։ Սրբազան Հայրը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն։

՝՝Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին ծէսը մեզ կը հրաւիրէ աղօթել ննջեցեալներուն համար։ Չի մոռնանք բոլոր անոնք որոնք մեզ սիրեցին եւ հաւատքի մէջ  մեզ կանխեցին։ Աղօթեցէք նաեւ բոլոր անոնց համար,  որոնք ոչ  մէկը կը յիշէ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը  ու յիշեց Իտալիոյ մէջ վերջերս երկրաշարժի թիրախ դարձած զոհերը։ ՝՝Յատուկ գորովովը յիշենք  վերջերս կեդրոնական Իտալիոյ մէջ  երկրաշարժի  թիրախ դարձած զոհերը։ Աղօթենք անոնց  համար եւ իրենց ընտանիքներուն համար եւ շարունակենք զօրակից ըլլալ բոլոր անոնց, որոնք վնասներ կրեցին։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.