2016-11-16 12:25:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Ամերիկացի եպիսկոպոսներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին, երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ  մը յղեց Պալթիմորայի մէջ գումարուած Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի ընդհանուր նիստի մասնակիցներուն։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը իր խնդակցութիւնը յայտնեց եպիսկոպոսներոն  հետ զրուցելուն համար, ապա յիշեց մէկ տարի առաջ Միացեալ Նահանգներ կատարած առաքելական այցելութիւնը։  Ան յայտնեց թէ շատ տպաւորուած մնացած է  կաթողիկէ հասարակութեան կենսունակութենէն եւ զանազանութենէն, յարելով թէ պատմութեան ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու եկեղեցին հիւրընկալեց եւ նեռարեց նոր գաղթականներու  հոսանքները ընդգծելով, թէ   գաղթականները իրենց հարուստ լեզուներու, մշակոյթներուն աւանդի զանազանութեամբ  կերտեցին Ամերիկիոյ եկեղեցւոյ դիմագիծը։

Սրբազան Հայրը ապա աւեցուց թէ Միացեալ Նահանգներու եկեղեցին կանչուած է իր ապահով վայրէն դուրս գալու եւ անդադար հաղորդութեան թթխմորը  դառնալու։ Հաղորդութիւն համայն քրիստոնեաներուն հետ եւ բոլոր անոնց հետ որոնք կը փնտռեն յոյսի ապագայ մը։

Ֆրանչիսկսո Պապ ապա նշեց թէ  Քրիստոնեայ հասարակութիւնը պէտք  է ըլլայ նշան եւ մարգարէութիւն Աստուծոյ ծրագրին` համայն մարդկութեան համար։ Կանչուած ենք ըլլալու բարի լուրի աւետաբերը  ընկերութեան մը համար որ շրջապատուած  է  մշակութային, ընկերային եւ հոգեւոր ծանր փոփոխութիւններով։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա   յատուկ խնդրանք կատարեց  Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսներուն

՝՝Յատուկ կերպով կը խնդրեմ ձեզմէ, նկատի առնել ինչպիսի ձեւով տեղական եկեղեցիները կրնան լաւագոյն կերպով  համապատասխանել  Սպանական հասարակութեան պարգեւներուն  եւ  անոնց աճ արձանագրող ներկայութեան։ Հաշուի առնելով սպանական հասարակութեան շնորհած նպաստը ՝ազգային կեանքին ի շահ, կ՝աղօթեմ, որպէսզի Սպանական հասարակութիւնը պտղաբեր դառնայ ամերիկայի ընկերութեան վերանորոգումին եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.