2016-11-16 09:42:00

''Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութեան'' կրօնական ազատութեան հայող 13-րդ տեղեկագիրի ներկայացումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին, ''Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն'' քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը, Հռոմի մէջ  ներկայացուց կրօնական ազատութեան հայող 13-րդ տեղեկագիրը, որուն մէջ նկարագրուած է զանազան երկիրներու մէջ  կրօնական համայնքներու վայելած ազատութեան չափանիշը՝ յունիս 2014էն – յունիս 2016 տարիներուն։

Տեղեկագիրին ներկայացման մամլոյ ասուլիսի  ընթացքին Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցա, ''Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն'' հաստատութեան միջազգային նախագահը` հաստատեց թէ ''կրօնական ազատութիւնը` բոլոր ազատութիւններու մայրն է''։

Ասուլիսի ընթացքին ի յայտ եկաւ թէ կրօնի ազատութիւնը` քննարկուած 196 երկիրներու վրայ,  սահմանափակուած  է 38 երկիրներու մէջ­, որոնցմէ 23-ին մէջ լուրջ խախտումներ կ՛արձանագրուին, եւ որոնց առաջինը կը հանդիսանայ Հիւսիսային Քորէան ուր` հազարաւոր քրիստոնեաներ կալանուած են պարզապէս որովհետեւ սուրբ գիրք մը ունէին իրենց մօտ եւ կամ որովհետեւ աղօթքի հաւաքի մը մասնակցած են։ 

Տեղեկագրի երկրորդ կարգին վրայ դասուած է Եզտիներու դէմ հալածանքը` Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ, ուր եւ նաեւ հալածուեցան բազմաթիւ քրիստոնեայ հասարակութիւններ։ Եզտիները սակայն. ու յատկապէս կիներն ու մանուկները, թիրախ դարձան ոճրագործ ահաւոր արարքներու։

2016-ի տեղեկագիրին մէջ ներմուծուած է ապա նոր դասակարգ մը.  ''ծայրայեղ իսլամական ծայրայեղականութիւնը'', ուր դասուած են Իսլամ ծայրայեղ ու ահաբեկիչ խմբակցութիւններ ինչպէս է պարագան Ալ Պաղտատիի հիմնած ՏԱՀԵՇԻ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ եւ Նիճերիոյ մէջ գործող Պոքո Հարամ-ը որուն նպատակակէտն է ապա- քրիստոնէացնել հիւսիսային Նիճերեան, եւ կամ Սոմալիայի ու այլ երկիրներու մէջ գործող` Ալ Շապապ ծայրայեղ կազմակերպութիւնը։

Միւս կողմէն սակայն տեղեկագրին մէջ նշուած են որոշ երկիրներու մէջ  յոյսի նշոյլ պարգեւող ազդակներ` ինչպէս է պարագան Եգիպտոսին, ուր երկիրն խորհրդարանը օրէնք մը որդեգրած է արտօնութիւն տալով քրիստոնեայ աղօթավայրերու կառուցումին։  Հուսկ դրական  նկատուած է Եգիպտոսի նախագահ Ալ Սիսիի մասնակցութիւնը` Ղպտի Օրթոտոքս Եկեղեցւոյ ծննդեան Սուրբ պատարագի արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.