2016-11-16 10:33:00

Սփիւռքի նախարարը ընդունեց գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը:


Նոյեմբեր 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան խորհրդատու Ելիզա Մոսլերը, Հայաստանի առաքելութեան գրասենեակի ղեկավար Իլոնա Տէր- Մինասեանը, պատասխանատու Կարինէ Խոջոյեանը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերուն ցուցաբերուած աջակցութեան ուղղութեամբ նախարարութեան եւ Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողովի կատարած աշխատանքը: Նախարարը նշեց, որ այսօր սուրիահայերու ընդելուզման համար առաջնային են աշխատանքի, կեցութեան խնդիրները: «Միգրացիայի միջազգային կազմակերպութեանը կարող է հետաքրքրել Հայաստանում սոցիալական տներ կառուցելու հարցը: Տարածաշրջանը լարուած է, եւ հնարաւոր ցնցումների արդիւնքում` փախստականների աւելի մեծ հոսք կ’ուղղուի դէպի Հայաստան: Նրանց համար պայմաններ ստեղծելով` թեթեւացնում ենք նաեւ հոսքը դէպի Եւրոպական երկրներ: Ի դէպ, Հայաստանը բնակչութեան մէկ շնչին ընկնող փախստականների թուով աշխարհում գրաւում է երկրորդ տեղը` Գերմանիայից յետոյ: Անհրաժեշտ է համատեղ ծրագրեր իրականացնել, որոնք կ’օգնեն սիրիահայերին հաստատուել Հայաստանում», – աւելցուց նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան խորհրդատու Ելիզա Մոսլեր շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, համառօտ ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները, նպատակներն ու խնդիրները:

Քննարկուեցան  ներկայացուած նախագիծերու ու ծրագիրներու շուրջ աշխոյժ համագործակցութեան եւ կազմակերպական հարցեր, նախանշուեցան յառաջիկայ ընելիքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.