2016-11-16 10:23:00

Պոլսոյ հայկական դպրոցի պատին կրկին ցեղապաշտական գրութիւն:


Պոլսոյ մէջ կրկին ցեղապաշտական գրութիւն  յայտնուած է հայկական դպրոցներէն մէկուն պատին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս» շաբաթաթերթը, այս անգամ թիրախ  դարձած է Պոլսոյ  Պոմոնթի թաղամասը գտնուող Մխիթարեան վարժարանը:

ՑԵղապաշտական գրութեան մասին տեղեկացուցած է գլխաւոր ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան» նախկին պատգամաւոր  Այքան Էրտեմիրը: Ան ընկերային կայքերուն մէջ տարածած է դպրոցին լուսանկարը, ուր կ’երեւի հետեւեալ գրութիւնը. «Գիշեր մը յանկարծակի կը յայտնուինք Ղարաբաղի մէջ»:

Նշենք, որ ասիկա 2016թ. ընթացքին Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն վրայ յարձակման առաջին դէպքը չէ: Օգոստոսին Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Դպրեվանք վարժարանի պատին, իսկ Սեպտեմբերին Սկիւտարի Գալֆայեան դպրոցի ճակատամասին ցեղապաշտական գրութիւններ  յայտնուած էին: Անցած են ամիսներ, բայց դեռ յայտնի չէ, թէ ով կամ ովքեր ըրած են այդ:

Այս հարցը քննարկուած է անգամ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ: ԺՀԿ պատգամաւոր Սեզգին Թանրըքուլուն Սեպտեմբերին գրաւոր հարց  ուղղած էր վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմին, սակայն սահմանուած ժամկէտի մէջ պատասխան չէր ստացած:








All the contents on this site are copyrighted ©.