2016-11-15 12:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Մարաքէշի մէջ կլիմայի փոփոխութեան 22 երկիրներու գումարած 2-րդ նիստի մասնակիցներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը  յղեց Մարաքէշի մէջ կլիմայի փոփոխութեան հայող 22 երկիրներու գումարած 2-րդ նիստի մասնակիցներուն, որուն  սկիզբը անդրադարձաւ կլիմայի  փոփոխութեան ժամանակակից վատթարացման, որ սերտ առնչութիւն ունի    մարդկային փլուզումին՝ բարոյական եւ ընկերային ծիրէն ներս, որ դժբախտաբար ամէն օր կը փորձարկենք,  եւ մեզ բոլորս հարցականի առջեւ կը դնէ,  ու կոչ կ՝ուղղէ համախմբուելու՝  պատասխանատուութեան հոգիի գիտակցութեամբ  ։

Սրբազան Հայրը ակնարկելով յիշեալ հանդիպումի աշխատանքներուն, ընդգծեց, թէ բաւարար չեն անհատական կամ ազգային գործողութիւնները, այլ հարկաւոր է հասարակաց պատասխանատուութեամբ որդեգրուած  պատասխան մը՝  կառուցելու համար մեր հասարակաց տունը։

Անդրադառնալով Փարիզի  կլիմայի փոփոխութեան  համաձայնագիրին,  Ֆրանչիսկոս Պապ զայն համարեց որպէս յստակ ուղի, որուն միջազգային համայն հասարակութիւնը հրաւիրուած է յանձնառու գտնուելու,  եւ սոյն ուղիին վրայէն ընթանալու, աւելցնելով թէ կլիմայի  համաձայնագիրը կը հայի համայն մարդկութեան, մասնաւորապէս աղքատներու եւ ապագայ սերունդներուն, որոնք կը ներկայացնեն  ամենէն խոցելի խաւը՝ կլիմայի փոփոխութիւններէ յառաջացած խնդիրներուն, եւ մեզ կը հրաւիրէ  բարոյական դժուարին պատասխանատուութեան գիտակցութեան, գործելու  առանց նախապաշարումներու՝ ազատ տնտեսական եւ քաղաքական ճնշումներէն, գերազանցելով անհատական շահերը։   

Այս հեռանկարով, Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները ու քաջալերեց զանոնք, որպէսզի համագործակցութեան հոգիով շարունակեն  իրենց   ժողովը,  մատնանշելով, թէ կարելի չէ ամէն ինչ սահմանել լոկ տնտեսական եւ թեքնիք ծաւալի մէջ. հրամայական եւ պարտադիր է նկատի առնել բարոյական եւ ընկերային  յառաջդիմութեան եւ զարգացման նոր օրինակները, որոնց շարքին ՝ կրթական շրջագիծէն ներս հասարակաց տան հանդէպ խնամքի պատասխանատուութեան հոգիի դաստիարակումը։ ։ Այս առնչութեամբ  Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, որ բոլոր երկիները իրենց նպաստը բերեն՝ ներառեալ, քաղաքացիական ընկերութիւնը, սեփական գործարանները  , գիտական աշխարհը եւ դրամական հաստատութիւնները 

Պատգամի աւարտին, Սրբազան Հայրը իր  բարի  մաղթանքը յայտնեց, որ Մարաքէշի համագումարի աշխատանքները առաջնորդուած ըլլան  այն պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ,  որ բոլորը կը մղէ լրջօրէն զարգացնելու արարչագործութեան, մերձաւորին եւ մօտ կամ հեռու գտնուող անձերու հանդէպ կիրարկուած խնամքի մշակոյթը։  

Մսխումի մշակոյթի վրայ հիմնուած ապրելակերպ մը անաջակցելի է, եւ   երբեք տեղ պէտք չէ գրաւէ զարգացման եւ դաստիարակչական  օրինակներուն  մէջ ՝՝շեշտեց Սրբազան Հայրը








All the contents on this site are copyrighted ©.