2016-11-15 09:57:00

Տէրը գթաց ժողովուրդին վրայ


«Յիսուս երբ լուրը իմացաւ, նաւակով գնաց մեկուսի անապատ տեղ մը։ Բազմութիւնը իմանալով՝  զանազան քաղաքներէ  հետիոտն անոր հետեւեցան։ Երբ նաւակէն իջաւ, տեսաւ մեծ բազմութիւնը, գութը շարժեցաւ եւ բուժեց անոնց հիւանդները» (Մատթ.14, 13-14)

Ի դիմաց անօթի եւ յոգնած ժողովուրդին, Յիսուս գութ զգաց ու ըսաւ աշակերտներուն.-  «…Դուք տուէք անոնց ուտելիքը»։ Կրնար արձակել ժողովուրդը, որպէսզի երթան շրջակայ գիւղերէն կերակուր գնեն։  Կրնար նաեւ կշտացնել զիրենք իր զօրութեան անմիջական միջամտութեամբ, առանց աշակերտներուն հետ խորհրդակցելու։ Սակայն, Յիսուսի մտածելակերպն, ինչպէս ապրելակերպը, բոլորովին տարբեր չափանիշեր ունին եւ կը սեւեռեն տարբեր նպատակներ։ Ան չ’արձակեր իր խօսքին ծարաւի հետեւորդները, սակայն կը դիմէ իր աշակերտներուն գործակցութեան։ Կը խնդրէ անոնցմէ որ հացը բաժնեն ներկաներուն։

Աւետարանի այս դրուագին ընդմէջէն կ’արտացոլայ Եկեղեցւոյ դերը։ Աստուած, անհունօրէն բարի, մօտէն կը հետաքրքրուի վշտահար մարդկութեամբ։ Կարող է միջամտել անմիջականօրէն իւրաքանչիւրի կեանքի ընթացքին։ Սակայն, ինչպէ՞ս կը վարուի. հաստատելով Եկեղեցին ու պատուիրելով անոր պաշտօնեաներուն. «Տուէք մարդոց ճշմարտութիւնը, շնորհքը, փրկութիւնը»։ Այս կերպով, իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կը դառնայ պատասխանատու մարդոց օգնութեան, ու մատակարարը՝ հայթայթելու համար հացը ամբողջ մարդկութեան։ Ամէն քրիստոնեայ, առաւել եւս ամէն կաթողիկէ, պէտք է խղճմտօրէն ինքզինք  պատասխանատու զգայ ընկերութեան տագնապալի վիճակին դիմաց։

Ա) Խռովութիւններու եւ անապահովութիւններուն մէջ, զորս այսօր կ’ապրինք, Եկեղեցին պատգամ մը ունի հաղորդելիք մարդկութեան։

Այսօր, կայ լուրջ հարց մը, որուն իւրաքանչիւրս պարտինք ուշադրութիւն դարձնել. ան ընկերային հարցն է, որ կը կարօտի համաշխարհային Խղճի վերատեսութեան մը, վերանորոգուած աւետարանական պատգամին պահանջներով, եւ որ ամբողջ Եկեղեցւոյ պարտականութիւնը կը դարձնէ ծառայելու բոլոր մարդոց, հասկնալով ու ըմբռնելով այս հարցին ծաւալը, մարդկային պատմութեան այս լուրջ անկիւնադարձին վրայ։

Սրբազան Քահանայապետին այս խօսքերը կը թելադրեն երկու հարցում.- Համոզուա՞ծ ենք, թէ որոշ աշխարհիկ գործունէութիւն մը՝ ի նպաստ արդարութեան, դարձած է այսօր եղբայրսիրութեան ու սիրոյ պարտականութեան կերպը։ Գիտակի՞ց ենք թէ օգտակար գործը համերաշխ կ’ընթանայ, այսինքն կ’առաջնորդէ դէպի քրիստոնեաներուն միութիւն եւ ոչ թէ շարունակական վէճի ու փոխադարձ մերժումի պատճառ կը դառնայ։

Բ) Ընկերային մարզէն ներս, Եկեղեցին ուզեց միշտ ստանձնել երկու պաշտօններ. Նախ՝  լուսաբանել հոգիները, որպէսզի գտնեն ճշմարտութիւնը ու զանազանեն ճամբան, զոր հարկ է ընդգրկել զանազան վարդապետութիւններու միջեւ։ Հուսկ,  գործնականապէս տարածել, ծառայելու իրական մտատանջութեամբ, Աւետարանի կորովն ու ուժը։ Այս կամքին համապատասխանելու համար, Եկեղեցին միթէ առաքելութեան չղրկե՞ց գործաւոր-քահանաներ, բաժնելով գործաւորական պայմաններ։ Եթէ նուիրապետութեան դերն է սորվեցնել ու հարազատօրէն մեկնաբանել  բարոյական սկզբունքները, աշխարհականներէն կը խնդրուի, իրենց ազատ նախաձեռնութեամբ, թափանցել քրիստոնէական հոգիով մտայնութիւնն ու սովորութիւնները, օրէնքներն ու  կազմութիւնը հասարակութեան կեանքին։  Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող ինքն իր խիղճը քննէ մինչեւ հիմա իր ըրածին եւ այն  մասին զոր պէտք էր կատարել։

Քրիստոսի Փոխանորդը կը կրկնէ այսօր, իր կերպով, Վարդապետին խօսքը, ուղղուած՝ արդարութեան, ճշմարտութեան ու սիրոյ քաղցն ու ծարաւը ունեցողներուն. «Տուէք անոնց ուտելիքը»։

Տուէ՛ք քիչ մը ժամանակ՝ լսելու համար անոնց մտահոգութիւնները։

Տուէ՛ք քիչ մը  հասկացողութիւն՝ իրենց պարագաներուն հանդէպ։

Տուէ՛ք քիչ մը ժպիտ՝ իրենց մելամաղձոտութեան։

Տուէ՛ք քիչ մը ուրախութիւն՝ սգաւորներուն ու քաջալերանք՝ յուսահատներուն։

Սփռեցէ՛ք երջանկութիւնը՝ ապերջանիկներուն։

Տուէ՛ք , եւ ամէնքը պիտի կշտանան, պիտի կերպարանափոխուին ու պիտի դառնան ուրիշ քաղցր ու հեզ «Յիսուս»ներ մարդկութեան միջեւ։

 

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան 








All the contents on this site are copyrighted ©.