2016-11-15 11:13:00

''Ո՛չ գաղջ քրիստոնեաներուն'' ազդարարեց Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Զգոյշ ըլլալ գաղջ քրիստոնեաներ դառնալէ, որովհետեւ կրնանք Տիրոջ ներկայութիւնը չի նշմարել'' ։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը, երեքշաբթի 15 նոյեմբերի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ  մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։ 

Տէրը արդարեւ կը յանդիմանէ գաղջ քրիստոնեաները ու նկատել կու տայ թէ եթէ անոնք ''ոչ պաղ եւ ոչ տաք ըլլան­, պիտի փսխէ զանոնք բերնէն ''։ 

Ներշնչուելով Յովհաննէսի յայտնութեան գիրքէն կարդացուած օրուան ընթերցուածէն ուր կը խօսուի Լաւոդիկէի Եկեղեցւոյ մասին Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ''Տէրը գաղջ անձերը­, որոնք իրենք զիրենք հարուստ կը նկատեն­, կը սահմանէ որպէս ողորմելի ու թշուառ.  սակայն այս մէկը կ՛ընէ ''սէրէն'' մղուած, որպէսզի անոնք վերագտնեն իսկական հարստութիւնը զոր միայն Ինք կարող է պարգեւել։

''Հետեւէ ուրեմն իմ խորհուրդիս, առ եւ գնէ ինձմէ փորձուած ոսկին որ հարստանաս, սպիտակ զգեստներ որ հագնիս եւ չերեւի քու մերութեանդ անվայելչութիւնը...կը կարդանք վերոնշեալ ընթերցուածին մէջ ու Նորին Սրբութիւնը այս ուղղութեամբ կը հաստատէ  թէ ''գաղջերը չեն անդրադառնար որ մերկ են, որովհետեւ կը կորսնցնեն  կարողութիւնը տեսնելու Աստուծոյ գեղեցիկ ու վսեմ գործերը։ Ասոր համար Տէրը կը փորձէ զանոնք արթնցնել ու օգնել որպէսզի ապաշխարեն''։

Տէրը ապա մեզի հրաւէր կ՛ուղղէ­, ըսաւ Քահանայապետը ընդգծելով հարկաւորութիւնը ունկնդրելու Տիրոջ ձայնը ''Ահաւասիկ դրան առջեւն եմ ու կը բախեմ, եթէ մէկը լսէ ձայնս ու բանայ դուռը` պիտի մտնեմ տունը անոր հետ ընթրելու''։ ''Սակայն կան քրիստոնեաներ որոնք չեն անդրադառնար թէ Տէրը կը բախէ անոնց դռները'' ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց Սուրբ Հոգւոյն ներշնչած '' հետաքրքրութեան'' ինչպէս պատահեցաւ փոքրահասակ Զակքէոսին հետ, հուսկ քարոզը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Հոգւոյն շնորհքը` որպէսզի կարենանք զատորոշել ու հասկնալ Տիրոջ կոչը ու Տիրոջ մեր դրան բախումի պահը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.