2016-11-15 09:23:00

Նոյեմբեր 16-ին պիտի մեկնարկէ «Հայաստան» հիմնադրամի համաեւրոպական թելեթոնը:


Նոյեմբեր 16-էն 20 «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը կ՛իրականացնէ իր 17-րդ համաեւրոպական հեռախօսամարաթոնը (թելեթոն), որուն աւանդաբար պիտի մասնակցին նաեւ Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ տեղական մարմինները: Դրամահաւաքի հասոյթը պիտի ուղղուի ապրիլեան ռազմական գործողութիւններու արդիւնքով Արցախի առաւել տուժած համայնքներու վերականգնման, սուրիահայերու օգնութեան, Հայաստանի Տաւուշի մարզի մէջ իրականացուող գիւղատնտեսական ծրագիրներու շարունակական զարգացման:

 Յունաստանի տեղական մարմինը դրամահաւաքին պիտի միանայ Նոյեմբեր 19-էն 20 Աթէնքի մէջ տեղի ունենալիք հեռախօսամարաթոնով եւ ստացուած հասոյթով պիտի համաֆինանսաւորի Արցախի Քարին Տակ գիւղի մանկապարտէզի կառուցումը:

Հեռախօսամարաթոն 2016-ի կնքահայրն է Ֆրանսայի մէջ յայտնի լրագրող եւ հաղորդավար Նիկոս Ալագասը, կնքամայրը` ֆրանսական “Revue des Deux Mondes” ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Վալերի Թորանեանը, որոնք համախմբման եւ աշխոյժ մասնակցութեան կոչով պիտի դիմեն եւրոպաբնակ մեր հայրենակիցներուն: Շուրջ 600 կամաւորներ Փարիզ, Լիոն, Մարսել եւ Տուլուզ քաղաքներէն մարաթոնի հինգ օրերու ընթացքին հեռախօսազանգերով պիտի դիմեն հայ ընտանիքներուն ու կազմակերպութիւններուն` յորդորելով սատարել Արցախի, Հայաստանի ու Սուրիոյ մեր հայրենակիցներուն:

Յիշեցնենք, որ նախորդ տարուայ հեռախօսամարաթոնի արդիւնքով հաւաքագրուած աւելի քան 1.3 միլիոն եւրօ գումարը ուղղուած է Հայաստանի Տաւուշի մարզի մէջ գիւղատնտեսական ծրագիրներու իրագործման, Արցախի գիւղական համայնքներու մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման եւ ծանր վիճակի մէջ յայտնուած սուրիահայերու ու իրաքահայերու օժանդակութեան:

Արդէն 17 տարիէ, հայկական համայնքներ ունեցող եւրոպական որոշ երկիրներ իրենց համայնքներուն մէջ հանգանակութիւններ կ՛իրականացնեն դրամահաւաքի այս եղանակով, որ տարիէ տարի նոր նուիրատուներ կը ներգրաւէ եւ աւելի մեծ հասոյթ կ՛ապահովէ: Ամերիկայի մայրցամաքին մէջ հեռախօսամարաթոնի միջոցով դրամահաւաքներ կ՛իրականացնեն Հիմնադրամի Արժանթինի եւ Պրազիլի տեղական մարմինները: Խոշոր դրամահաւաքներու բոլորաշրջանը այս տարի պիտի եզրափակէ Պրազիլի տեղական մարմինը` Նոյեմբեր 26-էն 27 իրականացնելով իր հեռախօսամարաթոնը: Ուշագրաւ է, որ հեռախօսամարաթոններու կամաւորականներու շարքին կան բազմաթիւ այլազգիներ, որոնց մասնակցութիւնը արդէն իսկ կը վկայէ դրամահաւաքի աճող հեղինակութեան մասին:








All the contents on this site are copyrighted ©.