2016-11-15 13:21:00

Գաղթականներու քահանայապետական խորհուրդի պատգամը ձկնորսուդեան համաշխարհային օրուայ առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ամէն տարուայ 21 նոյեմբերին ձկնորսներու հասարակութիւնը կը նշէ Ձկնորսութեան համաշխարհային օրը` որպէս զօրակցութեան արտայայտութիւն ձկնորսներու ապրած իրավիճակին։ Այս առթիւ Գաղթականներու հովուական խնամակալութեան քահանայապետական խորհուրդը հրապարակած է պատգամ մը որուն մէջ ընդգծուած է բազմաթիւ ձկնորսներու ապրած դժուար կացութիւնը ու անոնցմէ շատերու չարաշահումը քրէական կազմակերպութիւններու կողմէ։

Գաղթականներու հովուական խնամակալութեան խորհուրդը պատգամին մէջ կոչ կ՛ուղղէ կառավարութիւններուն որպէսզի վաւերացնեն եւ ի գործ դնեն 2007-ին հրապարակուած Ձկնորսութեան հայող աշխատանքի վաւերագիրը։ 

Յայտնենք թէ յառաջիկայ 21 նոյեմբերին, ձկնորսութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, առաւօտեան 11-ին, Միացեալ Ազգերու կազմակերպութեան Հռոմի ՖԱՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ նախատեսուած է ձկնորսութեան, աշխարհի պաշտպանութեան ի սպաս ձեռնարկ մը, կազմակերպուած  ՖԱՕ-ի, գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու հովուական խնամակալութեան քահանայապետական խորհուրդի ու ՖԱՕ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի համագործակցութեամբ, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, ի մէջ այլոց, Վատիկանի Պետական  քարտուղարը Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին ու վերոնշեալ գաղթականներու խորհուրդի նախագահը Կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.