2016-11-15 10:26:00

Ասորիներու ուղղափառ եկեղեցւոյ Կէուարկիս Գ Կաթողիկոսը հանդիպում պիտի ունենայ ֆրանչիսկոս Պապին հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Նոյեմբեր 14-էն 16, Ուղղափառ Ասորիներու եկեղեցւոյ Կէուարկիս Գ Պատրիարքը երրօրեայ այցելութեամբ կը ժամանէ  Հռոմ`  հանդիպելու համար նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Յայտնենք թէ Կէուարկիս Գ Պատրիարքը Կաթողիկոս օծուած է Էրպիլի մէջ՝ 2015-ին։ Ան յաջորդած է երջանկայիշատակ Մար Տինքա Դ Պատրիարքին՝ որ իր հոգին աւանդած էր 26 մարտ 2015-ին ։

Ասորիներու ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը  հանդիպում պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ՝ 17 նոյեմբերին,  ան ապա պիտի այցելէ Սուրբ Պետրոսի դամբարանը, հուսկ՝ պիտի այցելէ  Քրիսոտնեաներու միութեան զարգացման Քահանայապետական խորհուրդը։

Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ հաւատացեալները աշխարհի մէջ  կը հաշուեն շուրջ 500.00 հոգիներ։  Եկեղեցին ունի թեմեր՝ Եւրոպայի , Միացեալ Նահանգներու , Քանատայի եւ Աւստրալիայի մէջ ։  Ամենէն  շատ Ասորի հաւատացեալներու  թիւ ունեցող քաղաքն է Իրաքը։

1940-ին, Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ սիւնհոդասական հայրերու որոշումով,  եկեղեցւոյ պատրիարքական աթոռը  Չիքակոյէն փոխադրուեցաւ Իրաքի էրպիլ քաղաք։ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովէն սկսեալ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ  միջեւ յարաբերութիւնները նոր թափ ստացան։ Երջանկայիշատակ Տինքա Դ Պատրիարքը իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի գահակալութեան արարողութեան՝ 1978ին հոկտեմբեր ամսոյն։ 21 յունիս 2007-ին՝ Ան  այցելեց Պենետիկտոս վաստակաւոր քահանայապետին, ապա 2 հոկտեմբեր 2014-ին հանդիպում ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.