2016-11-14 12:49:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց գերմանական Ֆութպոլի ազգային խումբը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 14 նոյեմբերի, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց գերմանական ազգային ֆութպոլի խումբի 60 անդամները, որոնցմէ ետք ժամը 9,30ին, նախագահեց Հռոմի Քուրիայի վերին իշխանութեան ժողովը։

Գերմանական Ֆութպոլի խումբի անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքի անոնց ուղղած հակիրճ ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ  գնահատեց մարզիկներուն  ունեցած խմբային հոգին,  որ գխաւոր  պատճառն է իրենց յաջողութիւններուն – ըսաւ Ան ու ընդգծեց թէ մարզանքը չի  պահանջեր լոկ կարգ կանոն եւ անհատական զոհողութիւն այլեւ՝ մերձաւորին հանդէպ յարգանք եւ խմբային հոգի ու հաստատեց, թէ այն ինչ որ զանոնք կ՝աոաջնորդէ յաջողութեան՝ որպէս խումբ ,  միեւնոյն ժամանակ  զանոնք կ՝առաջնորդէ գիտակից դառնալու` ֆութպոլի մարզադաշտէն անդին  իրենց պատասխանատուութեան, մասնաւորապէս երիտասարդներուն նկատմամբ,  որոնք յաճախ անոնց կը նային որպէս տիպար։       

Այս մէկը ապա  կ՝առաջնորդէ միասնական յանձնառումի ընկերային  կարեւոր կէտ նպատակներու ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու երախտագիտութիւնը յայտնեց գերմանական ոտնագունդի խումբին ''Sternsinger'' – Աստղին երգիչներ''  ծրագիրին անոնց բերած նպաստին, որպէս  շօշափելի օգնութիւն աղքատ երկիրներու  մանուկներուն  ու երիտասարդներուն։

 ՝՝Յիշեալ ձեռնարկը ցոյց կու տայ թէ  ինչպէս կարելի է միասնաբար շրջանցնել  անել թուող անցքեր` որոնք կը վնասեն կարիաքւորներն  եւ մեկուսացեալներն։ Այս գործով եւս դուք  կը նպաստէք աւելի արդար եւ զօրակից ընկերութեան մը կառուցման'' շեշտեց  Ֆրանչիկսոս Պապ   








All the contents on this site are copyrighted ©.