2016-11-14 11:59:00

Հունձքի տօն Այնճարի հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ:


Եօթանասուն տարիներ առաջ Մուսա Լերան ժողովուրդը գաղթեց իր բնօրրանէն, ուր ձգեց իր յոյսերը, երազները, իր դարաւոր օճախը, իր անառիկ լեռներն ու բարեբեր դաշտերը: Եկաւ հոս, Այնճար, ճահճահուտ հողին վրայ իր բոյնն ու օճախը վերահաստատելու, կերտելու իր կեանքը, ապագան, հայ ապրելու հաւատքով, գոյատեւելու ամուր կամքով: Իրեն հետ բերաւ լեզուն ու սովորութիւնները, իղձերը եւ հաւատքը, տհոլն ու զուռնան եւ շուրջպարը: Հազիւ իր նոր բնակավայրը գտած, բազուկները սօթտած լծուեցաւ վերաշինութեան եւ հիմը դրաւ նոր Մուսա լերան մը` Այնճարի իր նոր օճախին, ուր կատարեց իր վարուցան, հիմնեց դպրոցն ու եկեղեցին:

Դարեր ամբողջ հողին հետ ապրած, անբաժան իր մաճէն, խոփէն ու եզներէն, ցանել սկսաւ. թեւին շարժումը ընելով անպարագիծ, որպէսզի բաժին հանէ անկարին ու թշուառին, որբին ու որբեւայրիին, իսկ հունձքերուն նորընծան չմոռցաւ մատուցել սուրբ սեղանին, անոր նշխարին, Աստուածամօր եւ կարիվէր Յիսուսին:

67 տարիներ առաջ Այնճարի մէջ հոկտեմբեր ամսուան առաջին կիրակին կոչուեցաւ «Հունձքի օր» միսիոնարուհի եւ կրթական գործիչ` քոյր Հետուիկի կողմէ , որ իր ծառայութեան դաշտը ընտրած էր հայ ժողովուրդը, ի մասնաւորի Մուսա Լերան զաւակները , նոր հիմադրուած Այնճար հայաւանը:

Շատ գեղեցիկ երեւոյթ է ասիկա, ամբողջ շաբաթ մը կիներ, օրիորդներ, մեծ խանդավառութեամբ կը թակեն գիւղի բոլոր դռները անխտիր. կը հաւաքեն այն, ինչ որ կը տրուի իրենց գոհունակ ժպիտ մը, նիւթական օժանդակութիւն. մամիկի մը լուման եւ արտերուն ու պարտէզներուն բարիքներէն ու բերքերէն` գեղջուկին տքնաջան աշխատանքի արդիւնքէն, որուն մէջ դրած էր հողագործը իր արտերուն յոյզը, բոլոր յոյսերը, բազկին ուժը եւ գոյատեւելու սրբազան հաւատքը: Բաժին կը հանէ ծերին եւ անկարին: Այս հաւաքուած հունձքը եւ բերքը կը տրամադրուի հայ ծերանոցի, ուր մեր պապիկներն ու տատիկները իրենց կեանքի վերջալոյսը ապահով ձեռքերու մէջ կ՛անցնեն. անպայման մեր տարեցներուն օրհնութիւնը ու աղօթքը անձրեւի պէս պիտի թափի մեր արտերուն վրայ:

Հոկտեմբերի առաջին կիրակին Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցին կ՛ունենայ տօնական եւ հանդիսաւոր տեսք: Գիւղի բոլոր բնակչութիւնը, առանց դաւանանքի խտրութեան, հոն ներկայ է, հաղորդուելու օրուան խորհուրդով: Բեմը զարդարուած է դաշտերու բերքերու երփներանգ գոյներով, կանաչեղէնով, հաւատքով եւ յոյսով, ցորենի որայով, խաչբուռով, ներկայութեամբ հայ ծերանոցի պատսպարեալներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն օրուան պաշտամունքին` երգերով, նուագով, ասմունքով, իսկ մեծ մասը լուռ ու մունջ, աղօթքի եւ օրհնութեան պատառիկ մը իրենց շրթներուն ծայրը, արտասուաթոր աչքերով կը հետեւի պաշտամունքին:

Այս տարի եւս Կիրակի, 2 հոկտեմբերին մեր պապիկները եւ տատիկները հիւրընկալուեցան Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ` իրենց հոգածուներուն եւ տնօրէնութեան հետ:Օրուան գոհաբանական պաշտամունքին, եկեղեցւոյ հովիւ պատուելի Յակոբ Ագպաշարեանի կողքին, մասնակցեցաւ ՔԱՀԼ-ի տնօրէն ` պատուելի Սեպուհ Թերզեան, ծանօթացնելով հաստատութեան ներքին կեանքը ու իրենց ունեցած ծրագիրները` ծերունիներուն բարօրութեան համար կատարուած ու կատարուող աշխատանքներուն վերաբերող:

Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան օրուան պատշաճ պատգամը փոխանցեց ժողովուրդին` ծանրանալով հունձքին եւ մշակին վրայ, բնաբան ունենալով Մատթ. 9.37-38 «Հունձքը շատ է, բայց մշակները քիչ»:

Եկեղեցւոյ մթնոլորտը յուզիչ եւ խորհրդաւոր էր: Մտքովդ կը փոխադրուիս պահ մը հայոց հեթանոս տաճարներն ու մեհեանները, ուր հայոց աւագանիին, թագաւորին ու թագուհիին ներկայութեան, հայ գեղջուկը իր հունձքին նախընծան ու երախայրիքը երկիւղածութեամբ կը նուիրէ իր շատ սիրելի Անահիտ ու Աստղիկ դիցուհիներուն, այն ակնկալութեամբ, որ հայոց չաստուածները ընտանիքը եւ բերքը պահեն բնութեան տարերքէն: Աւանդութիւն մը, որ հասած է մեզի հեթանոս դարերէն ու պատգամ մը Աստուածաշունչէն, ուր որոշուած է երախայրիքներու տօնը (Ելից 2:22):

Ահաւասիկ 21-րդ դարու, հոս, արտերկրի մէջ, Լիբանանի մէկ անկիւնը` Այնճարի հայաւանին մէջ տակաւին ի զօրու է տալու եւ ծառայելու այս տօնը: Տալ սիրայօժար` բերքին լաւագոյնը, ոչ թէ հեթանոս դիցերուն եւ դիցուհիներուն, այլ մեր մամիկներուն ու պապիկներուն, հայ ծերանոցին, որպէսզի անոնք ապահով զգան իրենց կեանքի վերջալոյսի սեմին:

Այս տարի եւս պաշտամունքէն ետք , կէսօրին ունեցանք մեր տարեցներուն հետ միասնական ճաշ, սիրոյ սեղան, պատրաստուած եկեղեցւոյ կիներուն կողմէ: Վարձքը կատար բոլորին. մեր մաղթանքն է, որ յարատեւէ այս գեղեցիկ սովորութիւնը եւ օրինակ դառնայ այլոց ալ:








All the contents on this site are copyrighted ©.