2016-11-14 10:15:00

Եւրոպական միութիւնը կը սպառնայ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատել:


Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց գերմանական լրատուամիջոցներուն տուած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կրնայ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատել Թուրքիոյ դէմ` ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներու եւ լրագրողներու զանգուածային ձերբակալութիւններուն պատճառով:

«Մենք Եւրոպական Միութեան մէջ պէտք է մտածենք, թէ ի՛նչ տնտեսական պատժամիջոցներ կրնանք որդեգրել Թուրքիոյ դէմ: Այս տարուան վերջաւորութեան պէտք է տեղի ունենայ մաքսային միութեան բարեփոխումը: Ես չեմ կրնար պատկերացնել, որ ընդդիմութեան երեսփոխաններու եւ լրագրողներու զանգուածային ձերբակալութիւններէն ետք մենք պիտի ընդլայնենք մաքսային միութիւնը», ըսած է ան:

Եւրոպական խորհրդարանի նախագահը աւելցուցած է, որ եթէ Թուրքիան վերականգնէ մահապատիժը, ապա այդ երկիրը այլեւս Եւրոպական Միութեան անդամակցելու կարելիութիւն պիտի չունենայ:

Թուրքիոյ մէջ վերջերս ձերբակալուեցան խորհրդարանի տասնեակ քրտամէտ երեսփոխաններ: Նաեւ ձերբակալուած են ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի լրագրողները, ներառեալ գլխաւոր խմբագիրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.