2016-11-14 11:07:00

Դեկտեմբեր 3-ին Ս. Գեղարդը պիտի բերուի Մայր տաճար:

2015 թուականին Գարեգին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով Հայոց Եկեղեցւոյ հիմնադիրներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Սուրբ Գեղարդի ուխտի օր` ի գոհացումն բարեպաշտ հայորդեաց եւ օտարազգի ուխտաւորներու:

Ինչպէս կը յայտնեն Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն՝  այս տարի առաքեալներու տօնին` Դեկտեմբեր 3-ին, Ս. Գեղարդը պիտի բերուի Մայր Տաճար:

Մայր Աթոռը բոլորը կը հրաւիրէ Սուրբ Էջմիածին` մասնակցելու Հայոց առաջին լուսաւորիչներ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս առաքեալներու տօնի առիթով մատուցուող սուրբ եւ անմահ Պատարագին եւ ստանալու հրաշագործ Ս. Գեղարդէն բաշխուող օրհնութիւնն ու շնորհները:

Ս․ Գեղարդը Մայր Տաճարին մէջ պիտի մնայ մինչեւ նոյն օրուայ ուշ երեկոյ:

All the contents on this site are copyrighted ©.