2016-11-12 11:13:00

Հռոմի մէջ կը փակուին երեք գլխաւոր տաճարներու Ողորմածութեան Յոյբելինական Տարուան Սուրբ դռները։


(Ռատիօ Վատիկան)  11 ապրիլ 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, 2016 տարին հռչակեց Ողորմածութեան Յոբելինական Սուրբ Տարի, ՝՝Հօր նման ողորմած՝՝ բնաբանով։  Նախորդ յոբելինական սուրբ տարիներուն ի տարբերութիւն, ստանալու համար մեղքերու ամբողջական քաւութիւն,  Ֆրանչիսկոս Պապ արտօնութիւն շնորհեց աշխարհի բոլոր երկիրներու հոգեւոր առաջնորդներուն, իրենց թեմերուն մէջ բանալ եկեղեցւոյ մը սուրբ դուռը, հաւատացեալներուն կարելիութիւն շնորհելու համար՝  իրենց երկիներուն մէջ նշել Յոբելինական Սուրբ Տարին։
Աշխարհի մէջ առաջին եկեղեցւոյ Սուրբ դուռի բացումը կատարեց ինքնին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ՝ 29 նոյեմբեր 2015-ին, Ափրիկէի ցամաքամասի տուած առաքելական ճամբորդութեան առիթով, Պանկի  քաղաքի Տիրամօր նուիրուած Անարատ Յղութեան եկեղեցւոյ մէջ։
Կիրակի, 13 նոյեմբերին, սկիզբ կ՝առնէ Յոբելինական Տարւոյն առիթով բացուած եկեղեցւոյ դռներու փակման արարողութիւնը, հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի մատուցմամբ։
Ասոնց շարքին, Հռոմի մէջ կը փակուին Սուրբ Յովհաննէս Լատերանեան, Մարիա Մաճճորէ  եւ Սուրբ Պօղոսի տաճարներու Սուրբ Դռները։








All the contents on this site are copyrighted ©.