2016-11-12 11:18:00

Համերգ ՝՝Աղքատներու հետ եւ աղքատներու համար՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան Սուրբ Տարուան փակման առիթով, շաբաթ, 12 նոյեմբերին, Վատիկանի Սուրբ Պօղոս անուան դահլիճին մէջ տեղի կ՝ունենայ «աղքատներու հետ եւ աղքատներու համար» խորագիրով  համերգ մը,  ղեկավարութեամբ աշխարհահռչակ Մայեսթրօ Էննիօ Մորրիքոնէի եւ գերապայծառ Մարքօ Ֆրիզինայի։
Ձեռնակը նախաձեռնութիւնն  է «Նովա Օփերա Օնլուս» կազմակերպութեան եւ Հռոմի թեմի երգչախումբի, հովանաւորութեամբ Նոր Աւետարանումի Զարգացման Քահանայապետական Խորհուրդի  եւ Կարդինալ Ֆրանսուա Քսաւիէ Նկույեն Վան Թուանին յիշատակի Սուրբ Մատթէոս հիմնարկի։
Համերգի նպատակն է աջակցիլ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Յոբելինական Սուրբ Տարւոյն առիթով սատարել ծրագրուած նոր տաճարի մը կառուցման՝  Ուկանտայի Մորոթօ քաղաքին մէջ, եւ նոր դպրոցի մը շինութեան՝ Պուրքինա Ֆազոյի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.