2016-11-12 11:09:00

՝՝Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն՝՝ կազմակերպութեան տեղեկագիրը կրօնական ազատութեան վերաբերեալ:


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 15 նոյեմբերին, ՝՝Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն՝՝ քահանայապետական բարեսիրական հաստատութիւնը Հռոմի մէջ կը ներկայացնէ կրօնական ազատութեան հայող 13-րդ տեղեկագիրը ։

Տեղեկագիրը կը նկարագրէ իւրաքանչիւր երկրի մէջ  կրօնական համայնքներու վայելած ազատութեան չափանիշը՝ յունիս 2014էն – յունիս 2016 տարիներուն որուն մէջ լուսարձակի տակ կը դրուին,  խտրականութեան եւ  հալածանքի ենթարկուած  ու զոհուած ոչ միայն քրիստոնեայ այլեւ զանազան հասարակութիւններ։
Տարիներու ընթացքին «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» հաստատութեան յիշեալ տեղեկատուութիւնը  գրաւած է եկեղեցական, դիւանագիտական , լրատուական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն ուշադրութիւնը, եւ որպէս աղբիւր նշուած  է Սուրբ Աթոռի զանազան գործունէութիւններուն շրջագիծէն ներս, ինչպէս նաեւ ազգային եւ Եւրոպական միութեան երեսփոխանական յանձնախումբերուն կողմէ։
Տեղեկագիրը շարադրուած է «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութեան»  կողմէ ու համակարգուած  միջազգային յանձնախումբի մասնագէտներու ձեռամբ, որուն կը նպաստեն նաեւ տեղական աղբիւրներու տեղեկատուական գործիչներ,  որոնք շարունակ կապի մէջ են վերոյիշեալ Քահանայապետական հիմնարկութեան հետ։
 Տեղեկագիրին ներկայացման մամլոյ ասուլիսի  բացումը կը կատարէ «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» հաստատութեան Իտալիոյ մասնաճիւղի նախագահ՝ տիար Ալֆրետօ Մանթովանօ։
Ելոյթ կ՝ունենայ  հաստատութեան միջազգային բաժանմունքի նախագահ՝ Կարդինալ Մաուրօ Փիաչենցա։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Սուրիոյ մասին վկայութիւնը կու տայ  գերապայծառ Ժաք Պեհնան Հինտօ՝ Հասաքէի Ասորի կաթողիկէներուն արքեպիսկոպոսը, որպէս կրօնական ազատութեան սահմանափակումի օրինակ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.