2016-11-11 12:38:00

Ֆրանչիսկոս Պապին տնանկներու ու ընկերութենէն բացառուածներուն հետ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ողորմութեան արտակարգ Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս, ուրբաթ 11 նոյեմբեր 2016-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոպայի 23  երկիրներէ ժամանած 3500 տնանկներուն եւ ընկերութենէն բացառուածներուն։

Անոնցմէ երեք անդամներէ ներկայացուցած վկայութիւններէն ետք Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան համար ապա ակնարկելով վկայութիւններուն սրտաբուխ խօսք մը ուղղեց անոնց որուն մէջ հրաւիրեց երբեք չի դադարիլ ''երազելէ'' հակառակ որ այդ մէկը դժուար է ըսաւ Ան ու հրաւիրեց ''երազել ու յուսալ թէ կարելի է աշխարհը փոխել''  հաստատելով թէ աղքատը կը մնայ Աւետարանի սիրտը ու շեշտեց թէ ամէնքը` որպէս մարդկային ընտանիքի անդամ հաւասար են իրարու ։

Սրբազան Քահանայապետը յիշեց ապա թէ Յիսուս եւս ծնաւ աղքատ ու ապրեցաւ աղքատ ու խրախուսեց ներկաները չվհատելու, ապա հրաւիրեց երբեք չկորսնցնել արժանապատուութիւնը։ Աղքատ այո՛ սակայն ոչ ստրուկ - ըսաւ Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց աւելի մեծ զօրակցական զգացում ցուցաբերելու։ Ձեռք երկարելու անոնց որոնք օգնութեան կարիքն ունին։

Ֆրանչիսկոս Պապ  խօսեցաւ ապա խաղաղութեան մասին ու հաստատեց թէ ամենամեծ աղքատութիւնը պատերազմն է, պատերազմը որ կը կործանէ, ու կոչ ուղղեց աշխատելու խաղաղութեան համար։ Պատերազմը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հարուստներուն կը պատկանի, որովհետեւ կը ձգտին շահին ու իշխանութեան, ու հրաւիրեց դառնալ խաղաղութեան արհեստագէտներ, աշխարհի մը մէջ որ կարիքը ունի խաղաղութեան։ Համայն եկեղեցին ու կրօնները կարիքն ունին խաղաղութեան ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ներողութիւն խնդրեց բոլոր քրիստոնեաներու անունով որոնք չ՛ապրեցան աւետարանը։ Ներողութիւն եթէ աղքատին հանդիպելով անոր  չօգնեցինք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը վերահաստատելով ց թէ ինք կը փափաքի աղքատ եկեղեցի մը աղքատներուն համար­, ապա բոլոր ներկաներուն վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւններ ու հրաւիրեց միասնաբար աղօթել ու աղօթքի ընթացքին Աստուծմէ հայցեց որ մեզի պարգեւէ շնորհքը ըլլալու զօրակից, ըլլալու մօտիկ, ու հոգատար մեր եղբայրներու կարիքներուն։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը  բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը ապա մօտեցաւ անոնցմէ շատերուն մէկիկ մէկիկ ողջունելով ու ողջագուրելով զանոնք։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.