2016-11-11 12:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 11 նոյեմբերի քարոզը՝՝Քրիստոնէական սէրը հաստատ, շօշափելի սէր է՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) ՝՝Քրիստոնեայի սէրը շօշափելի  սէր է եւ ոչ թէ ՝՝թելենովելա՝՝-յի  մեղմ սէր՝՝ ։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 11 նոյեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը, որուն մէջ Ան զգուշացուց՝ եկեղեցին զոհ դարձնող գաղափարախօսութենէն եւ մտաւորականութենէն,  շեշտելով թէ քրիստոնեայի սիրոյ չափանիշը՝՝Բանին  մարմնացումն՝՝ է։

Սրբազան պապը  իր քարոզը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումէն քաղուած Սուրբ Յովհաննէս Առաքելալի հատուածին վրայ, ուր կը խօսուի քրիստոնեայի սիրոյ բնութեան մասին, հարց տալով թէ  ի՞նչ սիրոյ մասին կը խօսուի  ու ընդգծեց,  թէ   քրիստոնեայի սէրը ՝՝Բանին մարմնաւորումն է՝՝եւ ով որ զայն կը մերժէ եւ զայն չի ճանչնար, ՝ հակա-Քրիստոս է ։   

՝՝Սէր մը, որ չի ճանչնար որ Յիսուս մարմնացաւ, Աստուծոյ պատուիրած սէրը չէ, այլ աշխարհիկ, իմաստասիրական եւ վերացական սէր է – ըսաւ Քահանայապետը ու հաստատեց թէ  ՝՝ճշմարտութիւնը այն է ,որ Աստուած Իր Որդին առաքեց, մարմնացաւ եւ մեր կեանքի նման կեանք ապրեցաւ։  Ոստի՝ հարկ է սիրել ինչպէս Յիսուսը սիրեց. ինչպէս Ինք ուսուցանեց` սիրել ընթանալով Յիսուսի ուղիին վրայ՝՝.

 

Սրբազան Հայրը զգուշացուց այն անձերէն, որոնք կը շեղին մարմնացումի վարդապետութենէն, որովհետեւ այսպէս կատարելով, անոնք չեն մնար Քրիստոսի վարդապպետութեան մէջ եւ չեն պատկանիր Աստուծոյ։

Մարմնացումի վարդապետութեան խորհուրդէն դուրս եկող անձերը դուրս կու գան նաեւ եկեղեցւոյ խորհուրդէն, որովհետեւ եկեղեցին Քրիստոսի շուրջ գտնուող հասարակութիւնն է  ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ  դիտել տալով թէ ՝՝Ով որ կ՝ուզէ սիրել ոչ ինչպէս Քրիստոս սիրեց իր հարսը՝ եկեղեցին, իր մարմինով եւ կեանք տալով,  ան գաղափարախօսութեամբ կը սիրէ՝՝։

Սրբազան Քահանայապետը քարոզը աւարտեց հրաւիրելով աղօթել Տիրոջ, որպէսզի մեր սիրոյ ուղեւորութիւնը երբեք չի դառնայ վերացական սէր,  այլ մնայ հաստատ շօշափելի սէր, ողորմածութեան գործերով։ Սէր որ կը դպչի Քրիստոսի մարմնին, մարմնացեալ Քրիստոսին ։

   








All the contents on this site are copyrighted ©.