2016-11-11 10:28:00

ԵՄ արտաքին գործոց նախարարները կիրակի օր պիտի քննարկեն Թրամփի յաղթանակի հետեւանքները:


Եւրոպական Միութեան անդամ 28 երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելուն հարցով 13 նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունենալիք շտապ կարգով կազմակերպուող աշխատանքային ընթրիքի մը ընթացքին պիտի քննարկեն այդ իրադարձութեան հաւանական հետեւանքները անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան մարզին մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան համար:

«Թրամփի ընտրուիլը հարցականներու ամբողջ շարք մը կը ստեղծէ, եւ ես կը սպասեմ, որ նախարարները պիտի քննարկեն նաեւ Թրամփի ընտրուելուն հաւանական հետեւանքները անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան մարզին մէջ եւրոպական քաղաքականութեան համար», ըսած է դիւանագիտական աղբիւրը:

Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Կունթըր Օթինկըր յայտնեց, որ Եւրոպա այսուհետեւ չի կրնար Միացեալ Նահանգներու ուժին ապաւինիլ, ինչպէս Թրամփի նախագահ ընտրուելէն առաջ կը կատարէր:

«Արդիւնքը մեզ անակնկալի մատնեց ու յուսախաբութիւն պատճառեց, սակայն պէտք է զայն ընդունինք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եւրոպան պէտք է Թրամփի եւ անոր խմբակին (որ կը մաղթենք արհեստավարժներէ բաղկացած ըլլայ) առիթ ընծայէ հասարակաց արժէքներու հիմամբ անդրատլանտեան գործընկերութիւնը շարունակելու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.