2016-11-11 10:50:00

Open House – Orientation ՀԱՀ ներկայացուցիչները Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանէն ներս:


Արդէն երկու տարիէ ի վեր Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանէն ներս կը գործէ երկրորդական դասարանի աշակերտներուն համալսարանական ուսման արեւելում տուող գրասենեակը (Orientation office): Այս գրասենեակին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016ին, եւ յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով, տեղի ունեցաւ Open House հանդիպում մը, լիբանանեան 16 համալսարաններու ներկայացուցիչներու եւ վարժարանիս 10րդ, 11րդ, 12րդ եւ BT դասարաններու աշակերտներուն միջեւ: Հանդիպման ընթացքին աշակերտները լուսաբանութիւններ ստացան եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւնները քաղեցին իրենց համալսարանական ուսման մասին: Նշենք, որ հանդիպման ներկայ էին նաեւ լիբանանեան բանակի Զինուորական Դպրոցի ներկայացուցիչ սպաներ:

Այս առիթով վարժարանէս ներս տեղի ունեցաւ երկու կարեւոր միջոցառումներ: Առաջին հերթին, նոյն Ուրբաթ օրը համաձայնագիր մը կնքուեցաւ Notre Dame համալսարանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի միջեւ, որուն հիման վրայ NDU յաճախող վարժարանիս յառաջադէմ աշակերտները համալսարանական առաջին տարուընէ սկսեալ իրաւասութիւն կ’ունենան թոշակի յատուկ եւ յաւելեալ զեղչեր ստանալու: Այս մէկը վստահաբար աշակերտները պիտի մղէ յաւելեալ ջանք թափելու՝ արժանանալու համար այս առանձնաշնորհումին:

Երկրորդը՝ Երկուշաբթի, 7 Նոյեմբերին վարժարանս հիւրընկալեց Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի (AUA) ներկայացուցիչները, որոնք տնօրէնութեանս հրաւէրով Հայաստանէն ժամանեցին այս Open Houseին իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի աշակերտներուն մօտէն ծանօթացնելու Երեւանի մէջ գործող ամերիկեան համալսարանին՝ անոնց փոխանցելով հոն ուսանելու հնարաւորութիւններուն մասին տեղեկութիւններ: Այս մէկը, հարկաւ, յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծեց աշակերտներուն մօտ:

Վարժարանիս տնօրէնութիւնը ոչ մէկ ջանք կը խնայէ իր աշակերտներուն ոչ միայն լաւագոյն ուսում ջամբելու, այլ նաեւ ապահովելու անոնց համալսարանական ուսման յաջողագոյն ուղին, որուն վառ օրինակը կը հանդիսանայ վերոնշեալ միջոցառումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.