2016-11-10 12:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 նոյեմբերի քարոզը ''Պահպանել յոյսը մեր կեանքի մէջ ամէն օր''


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 10 նոյեմբերին՝առաւօտուն, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի Աստուծոյ Արքայութեան մասին յայտնեց,  թէ հարկ ենք յաղթահարել  բեմադրական կրօնքի մը  փորձութիւնը, որ  միշտ  նոր յայտնութիւններ կը փնտռէ, նման հրավառութեան , որ պահ մը գեղեցիկ լուսաւորելէ ետք երկինքը` կ՝անհետանայ եւ անորմէ ոչինչ կը մնայ ։ Սրբազան Հայրը ընդգծեց , թէ Աստուծոյ արքայութիւնը կ՝աճի եթէ   մեր կեանքին մէջ ամէն օր  պահպանենք յոյսը։

՝՝Մեր փրկութիւնը կը չափուի յոյսի մէջ, նման ան մարդու յոյսին  որ հունտը կը ցանէ եւ կը սպասէ որ այդ հունտը աճի, նման ան կնոջ  որ հացը պատրաստելու համար թթխմորը ալիւրին հետ կը խառնէ եւ կը սպասէ որ աճի։ 

Սրբազան Հայրը յորդորեց համբերութեամբ պահպանել  այս յոյսը , աշխատանքի եւ տառապանքի մէջ,  շեշտելով թէ Յոյսը` փրկչագործութեան պատմութեան  շարանն է, Յոյսը ՝ Տիրոջ հետ վերջնական հանդիպումին։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց ըսելով թէ Աստուծոյ Արքայութիւնը կը գտնուի մեր մէջ, մենք պէտք ենք հանգստութեամբ, աշխատանքով եւ զատորոշում կատարելով, պահպանել Աստուծոյ Արքայութեան այդ յոյսը, որ կ՝աճի մեր մէջ, մինչեւ Տիրոջ գալուստը,  երբ  ամէն ինչ պիտի կերպարանափոխուի` մենք ու աշխարհը։ Եւ ինչպէս Սուրբ Պօղոս կը գրէ թեսաղոնիկեցի քրիստոնեաներուն. Այդ պահուն ամէնքս Անոր հետ պիտի ըլլանք։








All the contents on this site are copyrighted ©.