2016-11-10 10:02:00

Պրիւքսէլի մԷջ կայանալիք «Արցախեան օրեր»-ուն պիտի մասնակցի նաեւ Բակօ Սահակեան


Նոյեմբեր 16-19-ը «Արցախեան օրեր 2016»-ի ծիրէն ներս Պրիւքսէլի մէջ նախատեսուած են զանազան ձեռնարկներ: 

Չորս օրերուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան քաղաքական եւ մշակութային  շարք մը ձեռնարկներ: Տեղի պիտի ունենայ նաեւ եռօրեայ ցուցահանդէս, որուն նպատակն է Պելճիգայի եւ Եւրոմիութեան հասարակութեան ներկայացնել Արցախի զբօսաշրջային հնարաւորութիւնները, ցոյց տալ եւ իրազեկել ճամփորդական գրասենեակներուն` Ղարաբաղը այլընտրանքային զբօսաշրջութեան վայր ըլլալու իրականութիւնը` իր խոհանոցով, բազմադարեայ աւանդոյթներով ու մշակութային ժառանգութեամբ:Պիտի  ցուցադրուին նաեւ Արցախի արտադրութեան նմուշներ եւ  ուտելիքներու  տեսականի:

Նշենք նաեւ, որ Արցախէն մեծ թիւով պատուիրակութիւն կը  սպասուի` Արցախի նախագահ  Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, որ այդ օրերուն հանդիպումներ կ’ունենայ քաղաքական դէմքերու հետ:

Արցախեան օրերը կը փակուին հայ մշակութային տան կայանալիք տօնական համերգ-խնճոյքով ուր կը ներկայանան «Արցախի ձայներ» խումբի մեներգիչները:

Արցախեան օրերուն նպատակն է Եւրոպային ցոյց տալ Ղարաբաղի իրականութիւնը, որ Ղարաբաղ միայն հակամարտութիւն չէ, այլ` դարերու խորքէն եկած ժառանգութեամբ երիտասարդ հանրապետութիւն, որն այսօր կը կառուցէ իր ժողովրրդավար երկիրն ու ապագան:








All the contents on this site are copyrighted ©.