2016-11-10 12:32:00

Հռոմի մէջ երրօրեայ միջազգային համագումար ''Դամասկոսը յոյսի պրիսմակ...''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Դամասկոսը յոյսի պրիսմակ։ Դաստիարակչական հեռանկարներ, ակնկալիքներ եւ վերադարձի յոյսեր` դէպի համայն միջին արեւելքը յուզող հակամարտութեան խորհրդանիշը հանդիսացող քաղաք''։ Այս է բնաբանը միջազգային համագումարին զոր տեղի պիտի ունենայ Հռոմի Արեւելեան Քահանայապետական Ինստիտուտի մէջ, անոր հիմնադրութեան առաջին դարադարձի տօնախմբութիւններու ծիրէն ներս `(1917-2017), յառաջիկայ 11 -13 նոյեմբեր 2016-ին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ի մէջ այլոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս` Արամ Ա Վեհափառը, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ Լեւոն Արքեպիկսոպոս Չէքիյեան եւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ արտակարգ ու լիազօր դեսպան` վսեմաշուք Տիար Միքայէլ Մինասեան։

Համագումարի նպատակն է` վերոնշեալ Քահանայապետական հաստատութեան դաստիարակչական - կազմաւորական առաքելութեան ծիրէն ներս, քննարկումի ու երկխօսութեան առիթ ստեղծել, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն կարիքներուն համապատասխանելու միտումով ու դիմագրաւել Արեւելեան Քահանայապետաական Ինստիտուտի դիմաց  կայացող մարտահրաւէրները։

Համագումարի բացումը տեղի կ՛ունենայ Ուրբաթ` 11 նոյեմբերի առաւօտեան 9.30-ին ու բացման խօսքով հանդէս կու գայ Արեւելեան Ինստիտուտի Ռէկտոր` Յիսուսեան Հայր Դաւիթ Նազար, որուն կը յաջորդեն զանազան զեկոյցներ, որոնց շարքին նշենք Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան Տիար Միքայել Մինասեանի զեկոյցը, ապա ՄԱԿ-ի Սուրիոյ հարցին յատուկ պատգամաւոր` Տիար Սթաֆան Տէ Միսթուրայի ու Եւրոպական Խորհուրդի փոխ նախագահ` Տիկ Ֆետերիքա Մոկերինիի զեկոյցները։

Համագումարի ընթացքին նախատեսուած են զանազան նիւթերու շուրջ զանազան նիստեր ։ Ուրբաթ 11 նոյեմբերի յետմիջօրէի նիստին կեդրոնական նիւթը կը հանդիսանայ ''Քրիստոնեաները Ասորի – միջագետքի շրջանէն ներս այսօր. Նահանջ թէ նոր հեռականեր''։ Շաբաթ 12 նոյեմբերին պիտի քննարկուին երկու այլ նիւթեր, առաջին. ''դաստիարակութեան եւ մշակոյթին պաշարներ. Ո՞րն է վերանորոգումի ճանապարհը'', որուն մասին ի մէջ այլոց ելոյթ կ՛ունենայ նաեւ Իսթանպուլի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Արհիապատիւ Հայր Լեւոն Արքեպիսկոպոս Զէքիյեանը, ապա երկրորդ` ''Դաստիարակութիւն եւ ծառայութիւն. վկայութիւններ ու հաղորդակցութիւն'', որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ նաեւ Հայկական Դուդուկի երաժշտական ընդմիջում` Մագիստրոս Արամ Իփլիքճեանի կատարողութեամբ։

Կիրակի 13 նոյեմբերի նիստերու բացումը կը կատարէ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի որմէ ետք ելոյթ կ՛ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ   Արամ Ա Կաթողիկոս, Յոյն Մելքիներու պատրիարք` գերերջանիկ Գրիգոր Գ Լահհամ, Քաղդէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ ու Երուսաղէմի լատիններու առաքելական հոգաբարձու` գերապայծառ Փիերպաթթիսաթա Փիցցապալլա։  Համագումարին հրաւիրուած է իր մասնակցութիւնը բերելու նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։ Համագումարը կ՛եզրափակուի` Կիրակի. 13 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.