2016-11-10 09:50:00

«Սուրիահայութեան առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները» նիւթով քննարկում:


Տեղի ունեցաւ քննարկում «սուրիահայութեան առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները» նիւթով։

Նոյեմբեր 9-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան «Անի» հիւրանոցին մէջ մասնակցեցաւ ՍԴՀԿ Հայաստանի վարչութեան եւ ՌԱԿ կեդրոնական վարչութեան կողմէ կազմակերպած «Սուրիահայութեան առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրները» նիւթով քննարկումին: Ներկայ էին ՍԴՀԿ ատենապետ Նարեկ Գալստեանը, փոխատենապետ Վազգէն Մեսրոպեանը, ՌԱԿ ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանը, ոլորտի մասնագէտներ, սուրիահայեր:

Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Լեւոն Անտոնեան ներկայացուց սուրիահայերու փաստաթղթային, ընկերային, կրթական, առողջապահական, իրաւական, աշխատանքի տեղաւորման եւ բնակարանային խնդիրները եւ ատոնց լուծման ուղղութեամբ նախորդ տարիներու ընթացքին ՀՀ կառավարութեան` ի մասնաւորի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կողմէ իրականացուած աշխատանքները` ընդգծելով, որ անոնք կը կրեն շարունակական բնոյթ: Ան նշեց, որ ՀՀ նախագահի յանձնարարութեամբ Հայաստանի մէջ սուրիահայերու հիմնախնդիրներու եւ աջակցութեան ծրագիրներու համակարգումը կ՛իրականացնէ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը: ՀՀ վարչապետին որոշումով 2013-ին ստեղծուած է Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող միջգերատեսչական յանձնաժողով, ուր ներգրաւուած են պետական մարմիններու, գերատեսչութիւններու եւ սուրիահայերու հիմնախնդիրներով զբաղող միջազգային եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Յանձնաժողովի գործունէութեան արդիւնքով կատարուած են փոփոխութիւններ ՀՀ երկու օրէնքներու, ՀՀ կառավարութեան շարք մը որոշումներու, այլ իրաւական օրէնքներու մէջ, համապատասխան լուծումներ տրուած են գրեթէ բոլոր խնդիրներուն:

Անդրադառնալով այն տեսակէտին, որ սուրիահայերուն մեծ մասը հակուած է Հայաստան չմնալու, եւ մեծ հոսք կայ դէպի Գանատա եւ Սքանտինաւեան երկիրներ, Լեւոն Անտոնեան նշեց. «Սիրիահայերը, ովքեր գնացին Գանատա եւ այլ երկրներ, ունեցան աւելի շատ դժուարութիւններ, քան Հայաստանում հաստատուածները, որովհետեւ ի վերջոյ սա իրենց Հայրենիքն է, իրենք այստեղ օգտւում են ՀՀ քաղաքացու իրաւունքներից, իսկ փախստականը որոշակի փուլեր պէտք է անցնի Եւրոպայում, Գանատայում, որ ինտէգրուի նրանց հասարակութեանը: Ի վերջոյ` Հայաստանում հաստատուած ոչ մի սիրիահայ չի ապրում վրանի տակ»:

Լեւոն Անտոնեան անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայերուն տրուող ֆինանսական, մարդասիրական, նիւթական օգնութեան եւ ատոնց բաշխման մեխանիզմներուն:

Սուրիահայ համայնքի, Սուրիահայութեան առջեւ ծառացած ներքին եւ արտաքին մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ ելոյթ ունեցան ՍԴՀԿ ատենապետ Նարեկ Գալստեանը, փոխատենապետ Վազգէն Մեսրոպեանը, ՌԱԿ ատենապետ Յակոբ Աւետիքեանը եւ այլք:








All the contents on this site are copyrighted ©.