2016-11-09 11:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Լատերանեան Պազիլիքայի տօնին օրը. ''Սիրեցէք Եկեղեցին''։


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի, 9 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ  Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին, ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ գտնուող բազմահազար հաւատացեալներ ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, ու խօսքին մէջ ըսաւ ՝՝ այսօր կը նշենք Հռոմի Լատերանեան  տաճարին օծման յիշատակի տօնը'' ու երիտասարդները հրաւիրեց աղօթելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին դիտաւորութեան, որպէսզի Ան կարենայ հաւաքի մէջ հաստատել իր եղբայրները։ հիւանդներէն խնդրեց դիմագրաւել իրենց հիւանդութեան ցաւերը, աղօթքի մէջ Քահանայապետի մօտիկութեամբ հուսկ Նորապսակները հրաւիրեց իրենց զաւակներուն պարզութեամբ ուսուցանեն հաւատքը զայն սնանելով Եկեղեցւոյ եւ անոր հովիւներուն  նկատմամբ գորովով։








All the contents on this site are copyrighted ©.