2016-11-09 11:58:00

Վնասուած է Դամասկոսի Ֆրանչիսկեաններու եկեղեցին


(Ռատիօ Վատիկան) Դամասկոսի Պապ  Թումա շրջանին մէջ գտնուող Ֆրանչիսկեաններու եկեղեցին վնասուած է , այս մասին յայտնած է ՝՝Սուրբ երկրի ի նպաստ՝՝ ընկերակցութիւնը՝՝  8 նոյեմբերին հրապարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Դամասկոսի Պապ թումայի շրջանին մէջ  պատահած պայթումի մը հետեւանքով կործանուած են  Ֆրանչիսկեաններուն  եկեղեցւոյ գմբէթն ու ապակիները։ Եկեղեցւոյ մէջ ներկայ էր Հայր Պահժաթ Քարաքաշ եւ բարեբախտաբար  մարդկային կորուստներ չեն արձանագրուած։

Սուրբ Երկրի ի նպաստ ընկերակցութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնած է եկեղեցւոյ վերանորոգումի աշխատանքներուն ի նպաստ։  

Նշենք թէ յիշեալ ընկերակցութիւնը բազում տարիներէ ի վեր յանձնառու է սուրիոյ ժողովուրդին աջակցութեան գործունէութեան մէջ ինչպէս նաեւ իր շօշափելի նպաստով Սուրիոյ մէջ ապրող կրօնաւորներուն եւ եղբայրներուն նկատմամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.