2016-11-09 10:21:00

Հայաստանի նախագահն ու Իտալիոյ արտգործ նախարարը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը


Պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան կը գտնուի Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլոնին, որ 8 նոյեմբերին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:

Ողջունելով բարձրաստիճան հիւրին այցելութիւնը` նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ հաստատած է, որ դարերու վաղեմութիւն ունեցող հայ-իտալական յարաբերութիւնները լի են բարեկամութեան բազմաթիւ դրսեւորումներով, որոնց հիման վրայ Հայաստանի անկախացումէն ետք` նախորդ 25 տարիներուն ձեւաւորուած միջպետական յարաբերութիւնները վերընթաց զարգացում ապրած են: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ նախարար Ճենթիլոնիին այցելութիւնը նոր խթան պիտի հաղորդէ Հայաստանի եւ Իտալիոյ քաղաքական երկխօսութեան եւ պիտի նպաստէ տարբեր մարզերու մէջ առկայ համագործակցութեան առաւել խորացման: Զրուցակիցները անդրադարձած են երկկողմանի տնտեսական կապերու խթանման վերաբերող հարցերու:

Հայաստանի նախագահը եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը միտքեր փոխանակած են շրջանային խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու, որոնց կարգին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին, 2018-ին ԵԱՀԿ-ի մէջ Իտալիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն վերաբերեալ:

Աւելի ուշ, Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան ընդունած է Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Փաուլօ Ճենթիլոնիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը նշած է, թէ Իտալիան Հայաստանի համար բարեկամ երկիր է` հաստատելով, որ առկայ է երկկողմանի բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւն: Ան ընդգծած է, որ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու ներկայ մակարդակը համապատասխան չէ առկայ կարողականութեան` համոզում յայտնելով այն մասին, որ տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացման ու ընդլայնման ներուժը շատ աւելի բարձր է: Կարէն Կարապետեան աւելցուցած է, որ կառավարութեան ծրագիրի կարեւորագոյն ուղղութիւններէն են բարեփոխումներու իրականացումը, արտածման խթանումը եւ ներդրողներու համար առաւելագոյն չափով գրաւիչ պայմաններու ստեղծումը: Այդ պարունակին մէջ վարչապետը նշած է, որ յառաջիկային դիւանագիտական խողովակներով արտաքին գործոց նախարարութիւններուն պիտի ներկայացուին ներդրումային տարբեր ծրագիրներ եւ նախաձեռնութիւններ, որոնք կրնան հետաքրքրել նաեւ իտալացի ներդրողները: Նշելով, որ Հայաստանի մէջ ներկայիս արձանագրուած է իտալական դրամագլուխի մասնակցութեամբ 130-է աւելի ձեռնարկութիւն` վարչապետ Կարապետեան շեշտած է, որ կան համագործակցութեան լայն կարելիութիւններ տնտեսութեան շարք մը այլ մարզերու մէջ:

Փաուլօ Ճենթիլոնի իր կարգին շեշտած է, որ առեւտրական-տնտեսական կապերը պէտք է աւելի ամրապնդուին` աւելցնելով, որ ներկայիս ընթացքի մէջ են երկկողմանի համագործակցութեամբ իրականացուող ներդրումային ծրագիրները` նշելով, թէ տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ կան փոխադարձ գործակցութեան լաւ նախադրեալներ: Այդ առումով զրուցակիցները կարեւոր նկատած են միջկառավարական յանձնախումբի մը ստեղծումը եւ նշած, որ անիկա կրնայ նպաստել գործարար կապերու սերտացման, ներդրումային յստակ ծրագիրներու քննարկման ու իրականացման:

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը ողջունած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումները եւ նշած, որ Հայաստանի մէջ ներդրումային գրաւչութիւնը պայմանաւորուած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեամբ: Հանդիպումին ընթացքին վարչապետը եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ շարք մը այլ հարցերու:








All the contents on this site are copyrighted ©.