2016-11-09 12:19:00

Կարդինալ Փարոլին շնորհաւորեց Թրամփը ու մաղթեց որ աշխատի աշխարհի խաղաղութեան ի խնդիր


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Լատերանեան Քահանայապետական համալսարանի ուսումնական տարեշրջանի բացման արարողութեան առթիւ ելոյթ ունենալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնլատ Թրամփի ընտրութեան մասին ըսաւ թէ ''նախ եւ առաջ յարգանքով նկատի կ՛առնենք ամերիկացի ժողովրդին արտայայտած կամքը, ապա մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք նոր նախագահին, որպէսզի անոր կառավարութիւնը ըլլայ իսկապէս պտղաբեր, ու անոր կ՛ապահովեցնենք մեր աղօթքները որպէսզի Տէրը զինք լուսաւորէ ու անոր թիկունք կանգնի իր հայրենիքին ի սպաս ծառայութեան մէջ ինչպէս նաեւ աշխարհի խաղաղութեան ու բարօրութեան ի խնդիր ծառայութեան մէջ։

Կարծեմ թէ այսօր կարիքը կայ որ բոլորս աշխատինք բարեփոխելու համար համաշխարհային խիստ լուրջ ու մտահոգիչ իրավիճակը, լուրջ հակամարտութեան իրավիճակը ըսաւ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը յայտնելով թէ հարկ է սպասել ու տեսնել  թէ ի՞նչ պիտի ընէ նոր նախագահը, որովհետեւ տարբեր է ըլլալ պարզ թեկնածու մը ու ու տարբեր է ստանձնել նախագահի պաշտօնի պատասխնատութիւնը ու այս առնչութեամբ Կարդինալ Փարոլին նշեց թէ նորընտիր նախագահի առաջին ելոյթը այդ ուղղութեամբ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.