2016-11-09 09:56:00

Թրամփ յաղթեց Միացեալ Նահանգներու ընտրութիւններուն:


Հանրապետական կուսակցութենէն Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնի թեկնածու Տանըլտ Թրամփ յաղթեց Փենսիլվանիոյ նահանգի ընտրութիւններու` ստանալով եւս 20 քուէատուներու ձայներ: Այդ մասին, կը տեղեկացնԷ Associated Press գործակալութիւնը:

Թէեւ շարք մը լրատուամիջոցներու հաշուարկներուն համաձայն` Թրամփ ապահոված է 270 ձայն, որոնք անհրաժեշտ են նախագահական ընտրութիւններուն յաղթելու համար, այդուհանդերձ, պաշտօնական տուեալներով ան հաւաքած է դեռ 266 ձայն:

Real Clear Politics-ի համացանցային հետազօտական կեդրոնի գնահատմամբ` Փենսիլվանիոյ մէջ յաղթելէ ետք Թրամփ 277 ձայն ունի Քուէատուներու տախտակին վրայ, կը հաղորդէ «Թասս» լրատուական գործակալութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.