2016-11-09 10:43:00

Եւրոպական Միութիւնը լրջօրէն մտահոգուած Է Թուրքիոյ իրավիճակով:


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի Եւրոպական Միութեան անունով յայտարարած է, որ միութիւնը լրջօրէն անհանգստացած է վերջին ժամանակներս Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն, ներառեալ մահապատիժի արտօնման շուրջ բանավէճերը եւ ընդդիմադիր երեսփոխաններու ձերբակալութիւնները, եւ կը յորդորէ երկրին մէջ պաշտպանել ժողովրդավարական արժեչափերը եւ մարդու իրաւունքները:

«Եւրոպական Միութիւնը եւ անոր անդամ երկիրները Թուրքիոյ վերջին իրադարձութիւններուն կը հետեւին մեծ մտահոգութեամբ», յայտարարած է Մոկերինի:

Եւրոպական դիւանագիտութեան պետին կարծիքով` «մահապատիժի վերականգնման վերաբերեալ խորհրդարանին դիմելու առաջարկով հանդէս գալու կարելիութեան ուսումնասիրութիւնը, խօսքի ազատութեան, ներառեալ ընկերային ցանցերու սահմանափակումներու շարունակումը, զանգուածային լրատուամիջոցներու փակման շարունակումը եւ լրագրողները ձերբակալելու կալանագրեր տալը, ներառեալ «Ճումհուրիյէթ» թերթի գլխաւոր խմբագիրի եւ անոր աշխատակիցներու, վերջերս երկրին մէջ մեծագոյն ընդդիմադիր կուսակցութեան` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահներու, ինչպէս նաեւ քանի մը խորհրդարանականներու ձերբակալութիւնը մեծ անհանգստութիւն կը յառաջացնեն եւ կրնան թուլացնել իրաւունքի գերակայութիւնը, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնական ազատութիւններու յարգումը, ինչպէս նաեւ վարկաբեկել Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական ժողովրդավարութիւնը»:

Ըստ Մոկերինիի, Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ հետեւիլ կացութեան եւ «պատրաստ է Թուրքիոյ հետ քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակելու բոլոր մակարդակներով»:








All the contents on this site are copyrighted ©.