2016-11-09 08:47:00

''Դամասկոսը յոյսի պրիսմակ'' Հռոմի մէջ միջազգային համագումար։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Դամասկոսը յոյսի պրիսմակ։ Դաստիարակչական հեռանկարներ, սպասում եւ վերադարձի յոյսեր` դէպի համայն միջին արեւելքը յուզող հակամարտութեան խորհրդանիշը հանդիսացող քաղաք''։ Այս է բնաբանը միջազգային համագումարին զոր տեղի պիտի ունենայ Հռոմի Արեւելեան Քահանայապետական Ինստիտուտի մէջ, անոր հիմնադրութեան առաջին դարադարձի տօնախմբութիւններու ծիրէն ներս `1917-2017), յառաջիկայ 11 -13 նոյեմբեր 2016-ին։

Համագումարի նպատակն է` Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն ու քրիստոնեայ հասարակութիւններուն կարիքներուն համապատասխանելու` վերոնշեալ կաճարի մատուցած ծառայութեան ծիրէն ներս` քննարկումի ու երկխօսութեան առիթ ստեղծել  Հաստատութեան դաստիարակչական - կազմաւորական առաքելութեան դիմաց կայացող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար։

Վերոնշեալ համագումարի երորդ օրուայ աշխատանքներու բացումը կը կատարէ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի մինչ նիստերու ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ի մէջ այլոց, Յոյն Մելքիթներու պատրիարք` գերերջանիկ Գրիգոր Գ Լահհամ, Քաղդէացիներու Պատրիարք` գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ ու Երուսաղէմի լատիններու առաքելական հոգաբարձու` գերապայծառ Փիերպաթթիսաթա Փիցցապալլա։  Համագումարին հրւիրուած է նաեւ Վատիկանի Պետական Քարտուղարը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.