2016-11-08 09:51:00

Տիարպեքիրի Հայկական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգումը կը ծրագրուի աւարտին հասցնել 2018-ին


Տիարպեքիրի հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերանորոգումը կը ծրագրուի աւարտին հասցնել 2018 թուականին, կը գրէ Թերթ․ամ-ը՝ վկայակոչելով Diyarbakirsoz.com կայքը:

Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրինութիւնը, որուն կը պատկանի եկեղեցւոյ տարածքը, պաշտօնապէս յայտարարած է, որ հայկական կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերակառուցումը աւարտին պիտի հասցուի 2 տարուայ ընթացքին, եւ եկեղեցւոյ վերաբացումը տեղի պիտի ունենայ արդէն 2018-ին:

Տիարպեքիրի Սուր թաղամասին մէջ գտնուող եկեղեցւոյ կառոյցը վնասներ կրած էր 2015-ին քիւրտ զինեալներու եւ թրքական զինուած ուժերու միջեւ տեղի ունեցած բախումներու ժամանակ:

Ի դէպ, Տիարպեքիրի պատմական Սուր թաղամասին մէջ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին աւերուած շինութիւններուն թիւը, ըստ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան Տիարպեքիրի գրասենեակին, 1.277 է: Աւերուած կառոյցներու շարքին կան նաեւ հայկական շինութիւններ:

Յիշեցնենք, որ Սուրի մէջ թրքական յատուկ ուժերու գործողութիւնները սկսած էին 2015-ի Սեպտեմբեր 6-ին եւ աւարտած 2016-ի Մարտ 10-ին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.