2016-11-08 10:28:00

Ս. Գրոց Սերտողութեան խմբակներու այցը Ղպտիներու պատմական վանքը:


Բարի աւանդութիւն եղած է տարիներու ընթացքին Ս. Գրոց սերտողութեան խմբակներուն համար զանազան վանքեր այցելելը Քալիֆորնիոյ մէջ։

Միատեղ հաւաքուելու, միասին աղօթելու եւ աւելի մօտէն իրարու հետ ծանօթանալու այս պտոյտը կը վայելէր առաջնորդ սրբազան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 24ի առաւօտուն, շուրջ 43 հոգիով հաւաքուեցանք Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը եւ հանրակառքով մեկնեցանք՝ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մնացած խումբը մեզի հետ առնելով. հանրակառքը ուղղուեցաւ դէպի Ղպտիներու պատմական վանքը։

Փառք կու տանք Աստուծոյ, որ մեզի դարձեալ առիթ ընծայեց այս անգամ եւս այցելելու վանքը, որ կը գտնուի Քալիֆորնիոյ «Նիւ Պերի Սփրինկ» մայրուղիէն շուրջ երկու եւ կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող անապատին մէջ։

Ճամբու տեւողութեան, մեր քոյրերն ու եղբայրները երգեցին զանազան շարականներ՝ բարձր պահելով մեր հոգեւոր տրամադրութիւնը եւ փառաբանելով մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսը։

Առաւօտեան ժամը 10։30ին, հանրակառքը հասաւ նորաշէն վանքը, որ զետեղուած է զոյգ ճերմակ գմբէթներով ու շրջապատուած է իբրեւ պարիսպ հանդիսացող երկաթեայ ձողերով։

Երբ վանք մուտք գործեցինք, Ս. պատարագը սկսած էր արդէն։ Վանքին մէջ մեզի հետ էին նաեւ ղպտի տարբեր եկեղեցական խմբակներ։ Մեր տեղերը գրաւեցինք եւ ունկնդրեցինք Ս. պատարագը ու արարողութիւնը՝ թէ՛ արաբերէնով եւ թէ անգլերէնով։

Արարողութենէն ետք մեկնեցանք ճաշասրահ, ուր կար մեծ բազմութիւն մը։ Ճաշի աւարտին մեկնեցանք վանքին մօտ գտնուող փոքր եկեղեցին եւ միասնաբար երգեցինք «Հաւատամք»ը ու «Տէր Ողորմեա»ն։

Ուխտաւորներու պէս մոմեր վառեցինք եւ աղօթքներ բարձրացուցինք առ Աստուած, որ մեզ ապահով վանք բերած էր, ինչպէս նաեւ՝ հիւանդներուն, կարօտեալներուն ու մասնաւորաբար սուրիահայութեան համար։

Ապա տեղի ունեցաւ Աստուածաշունչի սերտողութիւն՝ առաջնորդութեամբ եղբ. Գրիգոր Մսըրլեանի՝ նիւթ ունենալով Յովնան մարգարէի բաժինի երկրորդ գլուխը՝ «Փրկութիւն Տիրոջմէ» հատուածը։

Տեղւոյն վրայ հաւաքուած սրտաբուխ նուիրատուութիւնները փոխանցուեցան վանքին։

Շրջապտոյտի աւարտին, բոլորս տուն վերադարձանք՝ զօրացած ու թարմացած մեր քրիստոնեայ հաւատքին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.