2016-11-07 11:43:00

Քահանայապետական առողջապահութեան գործիչներու խորհուրդի 21-րդ դասախօսութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին,՝ Վատիկանի Նոր Սիւնհոդասական անուան դահլիճին մէջ տեղի կ՝ունենայ  Քահանայապետական առողջապահութեան գործիչներու 21-րդ դասախօսութիւնը  որուն նիւթն է  հազուագիւտ հիւանդութիւններէն վարակուած անձերուն ծառայութեան ի սպաս ընկալող եւ  աջակցող  առողջապահական մշակոյթ։ 

Վերոնշեալ դասախօսութեան ներկայացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 7 նոյեմբերին՝ առաւատօեան,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ որուն ընթացքին զեկուցողներու շարքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ  Քահանայապետական առողջապահութեան գործիչներու խորհուրդի քարտուղար՝ գերապայծառ Ժան Մարի Մուսիվի Մուելնտավաթու։








All the contents on this site are copyrighted ©.