2016-11-07 10:33:00

Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդին հանդիպումը Հալէպահայ տարեցներուն հետ:


Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ թեմի Նպաստից Յանձնախումբին, Ուրբաթ, 4 Նոյեմբեր 2016-ին Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում հալէպահայ տարեցներու հետ:

Հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրն ու Նպաստից Յանձնախումբի անդամները լսեցին տարեց մեր մամիկ-պապիկներուն մտահոգութիւնները, ինչպէս նաեւ նիւթական եւ բարոյական զօրակցութեամբ ուժ եւ կորով ներշնչեցին անոնց, որպէսզի շարունակեն մնալ աւանդապահ Մայր Գաղութի օրհնաբեր ներկայութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.