2016-11-07 12:24:00

''Աշխարհի վէրքերէն ամէնէ ցաւալիներէն մին մարդավաճառութիւնն է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի 7 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչը` կարդինալ Ժորժ Փելը, Ուկրանիոյ մօտ առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին ապա ''Օփուս Տէյ'' իւրայատուկ թեմի Աւագերէց գերապայծառ Խավիէ Էջեվարիա Ռոտրիկէսը։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Renate'' անուան Եւրոպական կրօնական ցանցի ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած մարդավաճառութեան մասին հաւաքի մասնակիցներուն եւ այս առթիւ անոնց արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը` բարի գալուստ մաղթելով, դիտել տուաւ թէ վերոնշեալ ժողովը տեղի կ՛ունենայ Հռոմի մէջ, Ողորմութեան արտակարգ Սուրբ Տարուայ ծիրէն ներս, ու թէ այս շնորհքի ժամանակամիջոցին ամէնքս կանչուած ենք մուտք գործելու Աստուծոյ ողորմութեան խորհուրդին մէջ, ու Բարի Սամարացիի նման, այդ ողորմածութեան բալասանը նուիրելու մեր աշխարհին բազմաթիւ վէրքերը դարմանելու համար։

''Այս վէրքերէն ամէնէ ցաւալիներէն մին մարդավաճառութիւնն է'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը զայն նմանեցնելով ժամանակակից նորաձեւ ստրկութեան` որ կը  ժխտէ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն արժանապատուութիւնը` որ է Աստուծոյ շնորհք, ու կը հանդիսանայ մարդկութեան դէմ ոճիր։

Այս առնչութեամբ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց այս հիմնահարցին վերաբերեալ  մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդելու կարեւորութիւնը ու զայն հասարակաց կարծիքի ուշադրութեան յանձնելու հարկաւորութիւնը ու նշեց սոյն գործընթացքի մարտահրաւէրները որոնցմէ  առաջինը` անտարբերութիւնն է ու նոյնիսկ մեղսակցութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա գնահատանք յայտնեց նեկաներուն` այդ հարցին նկատմամբ իրենց  յանձնառումին համար ու յատկապէս` ծառայութեան միջոցաւ անոնց Ողորմութեան Աւետարանին հաւատարիմ վկայութեան համար։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. Սիրելի բարեկամներ եւ բարեկամուհիներ ես վստահ եմ որ ձեր փորձառութիւններու, գիտութիւններու ու հմտութիւններու բաժնեկցութիւնը պիտի սատարէ Աւետարանի առաւել ու արդիւնաւէտ վկայութեան, ժամանակակից ընկերութեան ամենամեծ ''արուարձաններէն'' մին նկատուած միջավայրին մէջ։ Ձեզ բոլորդ ու բոլոր անոնց որոնց կը ծառայէք կը յանձնեմ Մարիամին, Ողորմութեան Մօր հովանիին, ու ձեզի բոլորիդ կը շնորհեմ իմ օրհնութիւնս որպէս երաշխիք` ուրախութեան ու Տիրոջ մէջ խաղաղութեան։ Մինչ ձեզի կ՛ապահովեցնեմ իմ աղօթքներս, ձեզմէ կը խնդրեմ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով իր պատգամը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.