2016-11-07 11:37:00

՝՝Երկրագունդը, մեր հասարակաց տունը, մարտահրաւէր եւ յոյս՝՝ ՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ բանակցութիւններ։


(Ռատիօ Վատիկան) Կազմակերպութեամբ ՝ ՈՒՆԵՍՔՕ-յի  մօտ Սուրբ Աթոռի պատուիրակութեան եւ Քահանայապետական խաղաղութիւն  եւ արդարութիւն խորհուրդին, չորեքշաբթի, 9 նոյեմբերին,  Փարիզի՝ ՈՒՆԵՍՔՕ-յի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի կ՝ունենան  բանակցութիւններ,  ՝Երկրագունդը, մեր հասարակաց տունը,  մարտահրաւէր եւ յոյս՝՝ նիւթին շուրջ։

Բանակցութիւններու զրուցողներու շարքին ելոյթ կ՝ունենան ՈՒՆԵՍՔՕ-յի ընդհանուր տնօրէնուհի՝ Տիկին Իրինա Պոքովա, եւ Քահանայապետական արդարութիւն եւ խաղաղութիւն խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Փիթէր Թուրքսոնը, որուն  նպատակն է ներկայացնել շարք մը խորդհդածութիւններ Ֆրանչիսկոս Պապի ՝՝Գովեալ ըլլաս՝՝ շրջաբերականի   հաշուեկշիռին մասին՝  անոր հրատարակութենէն  18 ամիս վերջ։

Բանակցութիւններու աշխատանքներու մեկնակէտ կը նկատուի Ֆրանչիսկոս Պապի ՝ 26 նոյեմբեր 2015-ին ՝ Ափրիկէի տուած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին,  Նայրոպիի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ յղած կոչը, որուն մէջ Սրբազան Հայրը ՝՝ աջակցութեան, արդարութեան ու համերաշխութեան սկզբունքներու գործընթացքին մէջ`  աղքատութեան դէմ պայքարը եւ  մարդկային արժանապատուութեան զարգացումը  նկատած է որպէս  կեդրոն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.