2016-11-05 11:50:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Ազպուրկեան թագաւորական ընտանիքի անդամներուն հետ հանդիպումը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 5 նոյեմբեր 2016-ի առաւօտեան ժամը 10-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Հիւսիսային Ռենանիա – Ուեսթֆալիա նահանգի նախագահ-վարչապետը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Արեւելեան Եկեղեցիներու կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրին­, հուսկ Քլեմնեթինա Սրահին մէջ ընդունեց Ազպուրկի թագաւորական ընտանիքի 300 անդամները, իսկ յետմիջօրէի ժամը 5-ին Պօղոս Զ Անուան Սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն կը շնորհէ Ժողովրդական շարժումներու Հռոմի մէջ գումարուած համաշխարհային երրորդ հաւաքի 5 հազար մասնակիցներուն։

Ազպուրկեան թագաւորական ընտանիքի հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ուրախութիւնը յայտնեց զանոնք ընդունելուն համար, անոնց ընտանեօք կատարած Յոբելենական ուխտագնացութեան առթիւ ու մատնանշեց Ընտանիքի իմաստի կարեւորութեան։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ նշեց Աւստրիոյ Երանելի Քարլոսը ու մատնանշեց Ազպուրկեան ընտանիքի անդամներու զանազան գործունէութիւններուն, ըլլայ բարեգործական, ըլլայ մշակութային ասպարէզներէն ներս ու յատկապէս ընդգծեց անոնց օժանդակութիւնը նեցուկ կանգնելու Եւրոպայի ծրագրին որպէս միասնական տուն` հիմնուած քրիստոնեայ ու մարդկային արժէքներու վրայ։

Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ ապա թէ ընտանիքին մաս կը կազմեն նաեւ Քահանայական կոչումներ ու գոհաբանութիւն յայտնեց Տիրոջ այդ կոչումներուն համար ու մեծարեց Աւստրիայի Երանելի Քարլոսը որպէս Ընտանիքի բարի Հայր ու կեանքի եւ խաղաղութեան ծառայող։

''Ան ճանչցաւ պատերազմը, որպէս պարզ զինուոր, առաջին աշխարհամարտի ընթացքին։ 1916-ին ստանձնեց թագաւորութիւն ու զգայուն եղաւ Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի կոչին ու ամէն ջանք դափեց խաղաղութեան համար. Ասոր մէջ եւս Ան մեզի օրինակ մըն է ու կրնանք դիմել անոր բարեխօսութեան` որպէսզի Աստուծմէ ընդունինք մարդկութեան համար խաղաղութիւնը'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու իր խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ու վստահեցնելով իր աղօթքները։

''Դուք եւս բարեհաճեցէք չմոռնալ աղօթել ինծի համար'', ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.