2016-11-05 11:28:00

Վանականութիւն ԺԸ


Նախորդ հաղորդումին մէջ յիշեցինք Ներսէս Մեծ Հայրապետի կատարած բարենորոգումները՝ Հայաստանի մէջ։ Մեծ Հայրապետը վերակազմեց կրօնաւորական կարգերը ինպչէ նաեւ եկեղեւոյ ընկերային գործունէութեան բնագաւառները։ Մովսէս Խորենացի հետեւեալ խօսքերով կը ներկայացնէ մեզի Ներսէս Պարթեւի աշխատանքը՝

“Իսկ Ներսէս Հայրապետ հրամայեց՝ որ իւրաքանչիւր գաւառի մէջ շինեն աղքատանոցներ խորշերու եւ առանձնացած տեղերու մէջ, որպէսզի յոյներու հիւանդանոցներուն նման՝ անոնք ըլլան մարմնով տառապողներու մխիթարութիւն։ Անոնց բաշխեց աւաններ եւ ագարակներ, որպէսզի իրենց արտերու արդիւնքէն, արածող անասուններու կաթէն եւ բուրդէն բաժին հանեն եւ հեռուէն անոնց պէտք եղած ծառայութիւնը մատուցուի, որպէսզի անոնք իրենց յատկացուած բնակութենէն դուրս չելլեն։ Եւ յանձնեց այդ իր Խադ անունով սարկաւագին, որ Կարնոյ Մարգաց գիւղէն էր։ Նոյնպէս կ’որոշէ բոլոր գիւղերուն մէջ օթեվաններ շինել, որպէսզի անոնք ծառայեն իբր օտարանոցներ, եւ որբերու եւ ծերերու սննդեան վայր, եւ ընչազուրկներու հոգատարութեան համար։ Նաեւ անապատ եւ անմարդաբնակ տեղեր եղբայրանոցներ, մենաստաններ եւ միայնակեցական (առանձնականաց) խրճիթներ կը շինէ. եւ անոնց հայր եւ տեսուչ կը կարգէ Շաղիտայ, Եպիփան, Եփրեմ եւ Գինդ, որ Սլկունիներու տոհմէն էր, եւ այլ ուրիշներ։ Եւ նախարարական տոհմէն կը վերացնէ երկու բան. առաջին՝ խնամութիւն մերձաւորներու միջեւ, որ կը գործադրէին՝ սեպուհական ազնուականութեան պատճառով ագահելով, եւ երկրորդ՝ որ մեռելներու վրայ ոճիրներ կը գործէին, ըստ հեթանոսական սովորութեան։ Անկէ ետք մեր երկրի ժողովուրդը այլեւս չէր նկատուեր իբր այլանդակ բարբարոս, այլ իբրեւ համեստացած քաղաքացիներ։”

Նաեւ Վրթանէս Հայրապետի վարքին մէջ կը կարդանք թէ ինչպէս Սուրբը “անմարմնաբար ճգնութեամբ” կ’ապրէր, եւ ասոր համար կը միայնայ “Ճգնաւորներու կարգին”։ “Անմարմնաբար” ճգնութիւն, այսինքն ապրիլ անյպէս, իբրեւ թէ մարմին չունենար. հրեշտակներու նման, որոնք հոգի են, անմարմին։

Հայաստանի մէջ կրօնաւորական կեանքի հայող տեղեկութիւններ ունինք նաեւ Զենոբ Գլակէն, որ աւելի ուշ ժամանակի հեղինակութիւն է։ Զենոբ Գլակ, Անտոնի եւ Կրօնիդէսի մասին հետեւեալը աւանդութիւնը կը հաղորդէ մեզի՝ “Արդ, երբ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ խոր վիրապէն ելաւ, եւ բժշկեց զանոնք, որոնք դիւահարած էին, թագաւորին հետ միասին, եւ իր լուսաւոր վարդապետութեամբ՝ աստուածպաշտութեան դարձուց, եւ Աստուծոյ հրամանով ձեռնադրուեցաւ Սուրբ Ղեւոնդ Մեծէն, եւ հիմնեց եկեղեցին, որ Գլակայ վանք կը կոչուի. հոն թողեց իբր եկեղեցւոյ պաշտօնեաներ Անտոն եւ Կրօնիդէս միայնակեացները, որոնք իր հետ Կեսարիայէն բերած էր. եւ անոնց աշակերտը Եպիփան նշանակեց իբր հայր. եւ թողուց այն տեղ 44 կրօնաւորներ. եւ եկեղեցւոյ 12 դաստակերտները դրաւ անոնց ծառայութեան տակ։ Եւ Կեսարիոյ Հայրապետին՝ Ղեւոնդին այսպէս գրեց՝ “Իսկ Քրիստոսի երկու կենդանի վկաները, որոնք դուն ուղարկեցիր իմ մօտ, Անտոն եւ Կրօնիդէս, թողի այն տեղ ուր Գիսանէս կործանեցաւ. այն տեղը, որ Իննակեան կը կոչեն։ Անոնք իրենց կեանքը աշխարհի մէջ դադրեցուցին, որովհետեւ իրենց մարմիններով խաչուած են Քրիստոսի հետ եւ կը մնան այնտեղ բազմաթիւ մարդոց փրկութեան համար. զանոնք կը համարիմ անգիւտ մարգարիտներ, որոնք տրուած են ինծի։ Բայց մտերմականի սիրոյն համար, որ ունիս ինծի հանդէպ, կ’աղաչեմ որ ուրիշ ընծայ մըն ալ շնորհես. որովհետեւ Քրիստոսի շնորհքով առատ հունձք հասած է, իսկ դուն իբրեւ ճշմարիտ տէր մշակներու, մշակներ տուր այս հունձքին։ Այդ քաջ մշակներէն մին, որ քեզմէ կը խնդրեմ Նիւստրիացիներու եպիսկոպոս Եղիազարն է, որ Զենոբ եպիսկոպոսի եղբայրն է, որ իմ հետս բերելով ձեռնադրեցի Մամիկոնեաններու երկրին մէջ։ Արդ զայն ուղարկէ այլ երիտասարդ մշակներով. մանաւանդ ուղարկէ Ադոնացիներու եպիսկոպոս Տիմոթէոսը, զոր դուն կը գովէիր իր դպրութեան հմտութեան համար, որ շատ պիտանի է այս երկրին համար. որով քու աղօթքներովդ եւ խնդրուածքներովդ օգնութիւն գտնելով՝ յարաժամ ճգնութեամբ՝ շատերու օրինակ ըլլալով դաստիարակէ Տիրոջ շնորհքով։”

 








All the contents on this site are copyrighted ©.