2016-11-05 09:02:00

ԵԱՀԿ-ը դատապարտած է մահապատիժը վերականգնելու մասին Էրտողանի յայտարարութիւնները։


ԵԱՀԿ-ի գրասենեակէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ Ժողովրդավարական հիմնարկներու եւ մարդու իրաւունքներու հարցով ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի տնօրէն Մայքըլ Ճորճ Լինք խոր մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ:

«Նախագահ Էրտողանի` երկրին մէջ մահապատիժը վերականգնելու պատրաստակամութիւնը կը տագնապեցնէ` հաշուի առնելով, որ ԵԱՀԿ-ի երկիրներուն մեծ մասը ճանչցած է ատոր կիրարկման դաժանութիւնը, անմարդկայնականութիւնը եւ ստորացնող բնոյթը: Մահապատիժը կեանքի կոչելու փոխարէն` ես Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղեմ զօրակցելու մահապատիժի համաշխարհային վերացման, ինչպէս կատարած են նախապէս», նշած է Լինք:

Ան յիշեցուցած է, որ ԵԱՀԿ-ի երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցած են, որ ոչ մէկ հանգամանք, անկախ անկէ, թէ ատիկա պիտի ըլլայ պատերազմական վիճակ կամ պատերազմի սպառնալիք, ներքին քաղաքական անկայունութիւն կամ որեւէ այլ արտակարգ դրութիւն, կրնայ օգտագործուիլ արդարացնելու բռնութեան կիրարկումը:

Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան վերջերս յայտարարած էր. «Մահապատիժը մօտ է, մի՛ մտահոգուիք, փառք Աստուծոյ մօտ է: Մեր կառավարութիւնը զայն պիտի բերէ խորհրդարան: Ես կը հաւատամ, որ առաջարկը պիտի որդեգրուի խորհրդարանին մէջ, իսկ երբ մօտս գայ, ես զայն պիտի վաւերացնեմ: Կարեւոր չէ, թէ Արեւմուտքը ի՛նչ կ՛ըսէ, կարեւոր է, թէ ժողովուրդս ի՛նչ կ՛ըսէ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.